ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 29 Մարտ 2015ը, Ծաղկազարդ է, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը։
Ծաղկազարդի տօնին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ օրուան յատուկ իր պատգամը պիտի փոխանցէ։
Արարողութեան ընթացքին, տեղի պիտի ունենայ մանուկներու թափօրը, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութիւնները պիտի բաշխէ հաւատացեալներուն եւ յատկապէս մանուկներուն։ Թափօրին պիտի մասնակցին նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները։
Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկրորդ գալուստը։
Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ
Երկուշաբթի, 30 Մարտը, Աւագ Շաբթուան առաջին օրն է։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ պիտի հանդիսապետէ Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։
Ստորեւ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Աւագ Շաբթուան ժամանակացոյցը.-
Աւագ Երեքշաբթի, 31 Մարտին, ժամը 6-ին, Տասը կուսանաց յիշատակի օրը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ արարողութեան եւ պիտի տայ յաւուր պատշաճի քարոզ մը։
Աւագ Հինգշաբթի, 2 Ապրիլը կþընդգրկէ շարք մը խորհուրդներ. Վերջին Ընթրիքը, Ս. Հաղորդութեան հաստատման խորհուրդը, ոտնլուայ, ձերբակալութիւն Յիսուս Քրիստոսի, կարգ չարչարանաց եւ խաւարման գիշեր։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժամը 5-ին Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարէ ոտնլուայի արարողութիւնը, իսկ ժամը 8-ին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի հանդիսապետէ Խաւարման Գիշերի արարողութեան։
Աւագ Ուրբաթ, 3 Ապրիլին, Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան եւ թաղման յիշատակի օրը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժամը 7-ին պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ արարողութեան։
Աւագ Շաբաթ, 4 Ապրիլին, կ.ե. ժամը 4:30ին, Ճրագալոյց Ս. Յարութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ։
Կիրակի, 5 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ եւ Ս. Զատկուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը պիտի փոխանցէ։
Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան հետեւեալ ժամանակացոյցով պիտի մասնակցի Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն.-
Աւագ Երեքշաբթի – Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցի Աւագ Հինգշաբթի – Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցի Աւագ Ուրբաթ – Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, Աւագ Շաբաթ – Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցի Ս. Զատիկին – Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի
Ս. Յարութեան Մեռելոցի առթիւ, Երկուշաբթի, 6 Ապրիլին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Hollywood Hills-ի Forest Lawn գերեզմանատան “Hall of Liberty” սրահին մէջ, Hollywood Hills, եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան “Church of the Recessional” եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։
***