Շաբաթական Լուրեր – 31 Մարտ 2017

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻ ՕԾՈՒՄ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս.
buy cialis pack online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/cialis-pack.html no prescription

ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՐՑԱԽԻ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Artsakh RequiemՀայց. Առաքելական Եկեղեցին այս շաբաթավերջին կը տօնէ յիշատակը մեր հաւատոյ հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքին: Այս տօնը նաեւ տօնն է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան:

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին պիտի ըլլայ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր ծխական համայնքի զաւակներուն հետ. Կիրակի, 2 Ապրիլին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Ս.
buy zovirax online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/zovirax.html no prescription

Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը: Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ օծումը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբապատկերին, որ գործն է Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանին, բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Վարուժ եւ Քարոլին Շիթիլեանի:

Նկատի ունենալով, որ Կիրակի, 2 Ապրիլը նաեւ առաջին տարելիցն է Արցախի վրայ ազերիական անարգ յարձակումին եւ անոր հետեւած քառօրեայ պատերազմին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ՝ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգահանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մեր նահատակ քաջարի զինուորներուն եւ սահմանային գօտիին մէջ զոհուած անմեղ բնակիչներուն համար։ Այս առթիւ, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ պիտի ընթերցուի Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը։

Արարողութիւններէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում պիտի ունենայ հոգեւոր հովիւին եւ նորընտիր երեփոխաններուն ու հոգաբարձութեան հետ, խորհրդակցելու ընթացք առած աշխատանքներու եւ ծրագիրներու մասին:

Շաբաթ երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի հանգանակային ճաշկերոյթին։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԷ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ

EncinoChurchՉորեքշաբթի, 5 Ապրիլին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծ Պահքի շրջանի Արեւագալի վերջին արարողութիւնը:

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան եւ իր հոգեւոր պատգամը պիտի ուղղէ։

Արարողութենէն ետք, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան կազմակերպած Մեծ Պահոց աւանդական ճաշկերոյթը: «Վերանորոգումի Տարուան» առիթով պիտի դասախօսէ Տիար Յովիկ Մահսէրէճեան:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022