Շաբաթական Լուրեր – 13 Մայիս 2016

ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՐՑԱԽԻ

HelpArtsakhԻնչպէս ծանօթ է, Ապրիլի առաջին օրերուն, Ազրպէյճան վայրագ յարձակում գործեց Արցախի սահմանային գօտիին վրայ, սակայն բախելով հայկական պաշտպանական ուժերու խիզախ դիմադրութեան, նահանջի մատնուեցաւ: Ազերիական յարձակումը պատճառեց մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ: Աշխարհացրիւ հայութիւնը անմիջական օժանդակութիւններ հասցուց Արցախ, նաեւ ձեռնարկեց հանգանակային արշաւներու, սպեղանի տրամադրելու համար վիրաւորներուն եւ մարդկային ու նիւթական կորուստներ ունեցող ընտանիքներուն:

Այս ծիրին մէջ, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը Շաբաթ, 14 Մայիս 2016ին, կազմակերպած է պատկերասփիւռային հանգանակութիւն մը՝ Թելեթոն, որուն համար մեր գաղութի հայկական բոլոր յարանուանութեանց, կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատուները 9 Մայիսին կոչ ուղղեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի լիաբուռն նուիրաբերեն ի նպաստ Արցախի, նեցուկ կանգնելու համար մանաւանդ հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորին: Թելեթոնը պիտի պատկերասփռուի Լոս Անճելըսի KVMD կայանէն – թիւ 31 -, եւ հայկական կայաններէ, յետմիջօրէի ժամը 4էն 10:00:

Յիշեցնենք, որ Արցախի օժանդակութեան նպատակով, նախաձեռնութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս, հանգանակային աշխատանք կը տարուի նաեւ մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ, ընդառաջելով Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչին, որ արձակուեցաւ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Արցախ այցելութենէն ետք:

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

PentecostՀայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այս Կիրակի, 15 Մայիս 2016-ը, Հոգեգալստեան տօնն է։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022