ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Կիրակի, 4 Մայիս 2014ը, Ս. Յարութեան տօնին երրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Կանաչ կամ Աշխարհամատրան Կիրակի։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին կը գտնուի Ֆրեզնոյի մեր ծխական համայնքին հետ։
Կիրակի, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ Հ.Օ.Մ.ի “Սօֆիա” մասնաճիւղի կազմակերպած Մայրերու Օրուան նուիրուած ճաշկերոյթին ու պիտի փոխանցէ իր շնորհաւորանքի խօսքը։
***
CASPS-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
Հանրային Վարժարաններու հայ աշակերտներու դպրոցական կեանքին հետեւող Ազգ. Առաջնորդարանի CASPS յանձնախումբը, Հինգշաբթի, 1 Մայիսին, կազմակերպած էր հանդիսութիւն մը, նուիրուած՝ Լոս Անճելըսի հանրային վարժարաններու 9-րդէն 12-րդ կարգերու յաջողակ աշակերտներուն։
CASPS-ը 8-րդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ այս ձեռնարկը։ Այս տարի, գնահատանքի արժանացան շուրջ 200 աշակերտներ։
Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ աշակերտներուն փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքն ու բարեմաղթութիւնները։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ Տիար Վահան Պզտիկեան։
***
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ
Ի ՆՊԱՍՏ ՔԵՍԱՊԱՅՈՒԹԵԱՆ
Երեքշաբթի, 29 Ապրիլի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ալեքս թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քեսապահայութեան ի նպաստ կազմակերպուած SARF-ի HyeAID 3 համերգը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քաջալերելով այս ծրագիրը, ներկայ եղաւ ձեռնարկին։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։ Ձեռնարկին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ Սուրիահայ մեր ազգակիցներուն օժանդակութեան գործին նպաստող հոծ բազմութիւն մը։
Նշենք, որ Քեսապի տագնապի առաջին իսկ օրէն, ինչպէս Հալէպի պարագային, Ազգային Առաջնորդարանը նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ զօրակցեցաւ Սուրիահայ մեր ազգակիցներուն։
***