ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 98-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Շաբաթ, 28 Մայիս ը Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-րդ տարեդարձն է։ Ազգային այս պատմական տօնը մեր եկեղեցիներուն մէջ աւանդաբար կþոգեկոչուի Հանրապետական Մաղթանքով:
Կիրակի, 29 Մայիսին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:
Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը պիտի ուղղէ Թեհրանի հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան: Ս. Պատարագին ներկայ պիտի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներ, ժողովականութեան անդամներ ու ներկայացուցչական դէմքեր:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն եւ Հանրապետութեան կերտումին համար մղուած բոլոր հերոսամարտներուն զոհուած նահատակներուն յիշատակին։ Պիտի յիշատակուին նաեւ Արցախեան Պայքարին ու մասնաւորաբար անցեալ Ապրիլի առաջին օրերուն, Արցախի պաշտպանութեան ճակատումներուն ընթացքին նահատակուած հերոսները:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու արարողութեան եւ աղօթք բարձրացնելու հանրապետութիւնը կերտողներուն ու այդ ճամբուն նահատակ ինկած հերոսներուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ լսելու օրուան պատգամը:
***
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 11ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի (USC-ի) Հայագիտական բաժանմունքի հիմնադրութեան 11րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 22 Մայիսին, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հիւրասիրութիւն մը, կազմակերպութեամբ Հայագիտական բաժանմունքին եւ համալսարանի վարչութեան ու արուեստից բաժանմունքին:
Ձեռնարկը առիթ եղաւ ծանօթանալու հիմնարկին ապագայի հորիզոններուն, ինչպէս նաեւ պատիւի արժանացնելու հետեւեալ ծառայողները. Զարուհի Սառա Չիթճեան՝ (Heritage Award), Միհրան Աղպապեան՝ (Dedication Award) եւ Ճերըլտ եւ Փաթրիշա Թըրփանճեան՝ (Legacy Award): Պատուուեցան նաեւ անձեռնմխելի ֆոնտեր հաստատող գաղութիս նուիրեալ բարերարներ։
Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ փոխանցեց իր շնորհաւորութիւններն ու բարի մաղթանքները:
***