ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՎԱՏԻԿԱՆ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին պիտի մեկնի Վատիկան, միանալու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը պիտի տայ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին։
Նորին Սուրբ Օծութեան նշանակած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերու Առաջնորդներ եւ ազգայիններ։
Այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 3էն 6, 2014ին։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պիտի ընկերանայ Արեւմտեան մեր Թեմի ազգայիններէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը։
***
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ԵՌԱԳՈՅՆ ԴՐՕՇԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հիմնադրութեան 96րդ տարեդարձն առիթով, Կիրակի, 25 Մայիսին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Հանրապետական Մաղթանք եւ Հայկական Եռագոյն Դրօշի օրհնութեան արարողութիւն կատարուեցաւ Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներուն մէջ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, յատուկ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Հանրապետութեան կերտումին համար մղուած բոլոր հերոսամարտերուն զոհուած նահատակներուն յիշատակին։
Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, նախագահեց Հանրապետական Մաղթանքի արարողութեան ու հոգեհանգստեան պաշտօնին եւ փոխանցեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։
***