ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Հինգշաբթի, 14 Մայիսը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնն է։ Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Համբարձման տօնին առիթով պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ եւ տեղի պիտի ունենայ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթը։
Առաւօտեան ժամը 10-ին, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս.
buy prelone online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/prelone.html no prescription
Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։
Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի »Brandview« ճաշասրահին մէջ, ժամը 11։30էն սկսեալ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Հիւրընկալն է Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարուհիներէն՝ Տիկին Նունէ Սեփէթճեան։
Մանրամասութեանց եւ տոմսերու համար կարելի է հեռաձայնել Ազգային Առաջնորդարան 818-248-7737 ext. 101 թիւին կամ Ե-նամակով knark@westernprelacy.org։