ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ պիտի քարոզէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը «Յովնանեան» համալիրին օրհնութեամբ, ներկայ ժողովուրդին հետ սիրոյ ճաշ մը տեղի պիտի ունենայ վերանորոգուած «Ղուկասեան» սրահին մէջ։
Շաբաթ, 21 Նոյեմբերի երեկոյեան, ճաշկերոյթ-պարահանդէսով մը պիտի նշուի վերանորոգուած համալիրի բացման հանդիսութիւնը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Կիրակի, 22 Նոյեմբերին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամներ ներկայ պիտի ըլլան Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ արարողութեան։
Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ ներկայ ըլլայ արարողութեան ու յարգէ յիշատակը մարմնակրթական մեծ միութեան հանգուցեալ ծառայողներուն ու նուիրեալներուն։