ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս.
buy doxycycline online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/doxycycline.html no prescription
Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ երեք սրբապատկերներու եւ գաւիթի նոր դրան ապակէնկարի օծումը։
***
“ՀԱՅԱՍՏԱՆ” ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ 17ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԹԵԼԵԹՈՆ
Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբերին, Գոհաբանութեան տօնին օրը, տարիներու աւանդութեան համաձայն, տեղի պիտի ունենայ “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնը։ Թելեթոնը պիտի պատկերասփռուի առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8: Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի ու Հայաստանի հիւսիսային գօտիները իրարու միացնող Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբուն, որ կենսական նշանակութիւն ունի Արցախի ապահովութեան ու տնտեսական զարգացման առումով:
Առաջնորդ Սրբազանը պիտի փոխանցէ իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները, կոչ ուղղելով մեր ժողովուրդին որ մասնակցութիւն բերէ հանգանակային այս արշաւին ու հայրենանուէր գործին: Կիրակի, 23 Նոյեմբերի երեկոյեան, տեղի պիտի ունենայ Հիմնադրամի 20րդ տարեկան կալա ճաշկերոյթը։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ ճաշկերոյթին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը: Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։
Թելեթոնի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբերին, նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ընկերացող պատուիրակութիւնը պիտի այցելեն Ազգային Առաջնորդարան եւ պիտի հիւրընկալուին Առաջնորդ Սրբազանին ու Թեմիս ժողովականութեան ներկայացուցիչներու կողմէ։
***
ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆԻ
ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբերին, կ.ա. ժամը 11։30-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի կազմակերպած ամանորեան տարեկան ճաշկերոյթ-տօնավաճառը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Vertigo Event Venue սրահին մէջ (400 West Glenoaks Blvd., Glendale, CA)։ Ձեռնարկը կը վայելէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը։ Ձեռնարկը ազնուաբար կը հիւրընկալէ Տիկին Սիլվիա Կարապետեան։
Տոմսերու եւ մանրամասութեանց համար կարելի է հեռաձայնել Ազգային Առաջնորդարան 818-248-7737 ext. 101 թիւին կամ Ե-նամակով knark@westernprelacy.org։
***