ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ 19ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԹԵԼԵԹՈՆ
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբերին, Գոհաբանութեան տօնին օրը, տեղի պիտի ունենայ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնը, որ հաւաքական կոչ է համայն հայութեան՝ նիւթաբարոյական զօրակցութիւն ապահովելու Արցախի ժողովուրդին:
Այս տարուան Թելեթոնը կը կրէ «Իմ Արցախ» ընդհանուր խորագիրը: Հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի բանակին եւ սահմանամերձ այն գիւղերուն, որոնք ծանր վնասներու ենթարկուեցան անցեալ Ապրիլի սկիզբը, ազերիական յարձակումներուն հետեւանքով, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի ամրապնդման գործին եւ կարիքաւոր բնակիչներուն: Այս դրամահաւաքը շօշափելի զօրակցութիւն մը պիտի ըլլայ իրենց հողերուն կառչած արցախցիներուն եւ զանոնք պաշտպանող բանակին: Թելեթոնի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատգամով հանդէս պիտի գայ, կոչ ուղղելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ մասնակցելու հանգանակային այս արշաւին ու հայրենանուէր գործին:
Թելեթոնը պիտի պատկերասփռուի առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10 հայկական պատկերասփիւռի կայաններէ, որոնց ցանկը կարելի է գտնել՝ այցելելով Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի կայքէջը. www.armeniafund.org
***
ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Կը գտնուինք Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, ու ցնծութեան մթնոլորտը սկսած է գործնապէս համակել մեր ժողովուրդը:
Արդէն տարիներու գեղեցիկ աւանդութիւն է, որ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը տօնական օրերու նախօրեակին կազմակերպէ ճաշկերոյթ-տօնավաճառ մը, որ ազդանշանը կու տայ տօնական ձեռնարկներուն:
Այս տարի, ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբերին, կ.ա. ժամը 11։30-ին, «Brandview» ճաշասրահին մէջ (111 E. Harvard St., Glendale), հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հիւրընկալութեամբ բարերարուհի Տիկին Գոհար Սիւլահեանի։
Կը հրաւիրենք մեր Թեմի զաւակները քաջալերու Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի այս նախաձեռնութիւնը։ Տոմսերու եւ մանրամասութեանց համար կարելի է հեռաձայնել Ազգային Առաջնորդարան 818-248-7737 ext. 101 թիւին կամ ե-նամակով knark@westernprelacy.org։
***