Շաբաթական Լուրեր – 10 Հոկտեմբեր 2014

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄՍՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

HolyTranslatorsՀայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2014ը Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է։

Այս առիթով, Կիրակի, 12 Հոկտեմբերին, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։

Ինչպէս ծանօէ է, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան յատուկ առաքելութեամբ մեր Թեմը կþայցելէ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրով, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ պիտի քարոզէ Շահան Սրբազանը։ Արարողութեանց պիտի հանդիսապետէ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը։

Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. Վարժարանի աշակերտները ներկայ պիտի ըլլան արարողութեան ու մասնակցութիւն պիտի բերեն Ս. Պատարագի երգեցողութեան։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, հոգաբարձութիւնն ու Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ծնողա-ուսուցչական մարմինը կազմակերպած են հայ մշակոյթի ամսուան նուիրուած տօնախմբութիւն մը, որ կը վայելէ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանին հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։

Համաձայն տարիներու աւանդութեան, Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ կից “Ղուկասեան” սրահին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացումը պիտի կատարէ գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառքին։

Պիտի իրագործուի գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային Վարժարանի աշակերտներուն։

***

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ժողովրդային հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ “Արմենակ Տէր Պետրոսեան ” սրահին մէջ։ Բանախօսն է՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ եւ “Սուրիոյ Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնի”ի ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ պիտի խօսի սուրիահայ գաղութի ներկայ իրավիճակին մասին։

Երեկոն կը հովանաւորեն Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական Յարանուանութեանց Հոգեւոր Առաջնորդները։ Կազմակերպուած է Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինին եւ Սուրիահայ Վարժարաններու Շրջանաւարտից Միութեանց կողմէ։ Պիտի ցուցադրուի տեսաերիզ մը։ Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը լսելու Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր նորագոյն տեղեկութիւնները Սուրիահայ մեր գաղութի մասին եւ գործնապէս իր զօրակցութիւնը արտայայտելու մեր մայր գաղութին։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022