ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
– ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ
Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը:
Նոյն օրը, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի ծրագիրը։
Ինչպէս ծանօթ է, Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի կառուցման նախագիծը ընթացքի մէջ է։ Նշենք, որ Կլենտէյլի մէջ նախատեսուած այս ծրագիրը սկիզբ առաւ տարի մը առաջ, շրջանի հայկական քաղաքացիական եւ կրօնական ինը կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու կողմէ, որոնք աւելի քան տարիէ մը ի վեր ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն պատմական այս կոթողի կառուցման տեսիլքը իրականացնելու համար։ Ծրագիրին նպատակն է հաստատել Քալիֆորնիոյ հայութեան պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող բարձրորակ թանգարան մը, որ միաժամանակ նախապաշարումներու դէմ պայքարելու կեդրոնի մը պիտի վերածուի։
Այս իմաստով, Կիրակի, Արեւմտեան մեր Թեմը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանն ու Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւնը համագործակցաբար կոչ պիտի ուղղեն մեր ժողովուրդին՝ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած եւ նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ սատար հանդիսանալու այս ծրագիրի կայացման եւ յաջողութեան։
***
ԴԱՆԻԱՑԻ ՄԻՍԻՈՆԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱ ՃԷՅՔԸՊՍԸՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ԱՆՄԱՀԱՑՆՈՂ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԵՒ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն մազապուրծ ճողոպրած հայ որբերու պատսպարման եւ դաստիարակութեան անձնուէր առաքելութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունեցած է որբերու «Մամա»ն՝ Մարիա Ճէյքըպսընը։ Դանիացի միսիոնարուհին, 1922 թուականին Լիբանանի մէջ հիմնած է Թռչնոց Բոյն որբանոց-վարժարանը, ուր 3600 անտուն եւ անտէր հայ որբեր իրենց գոյատեւման երաշխիքը ապահոված են, ստանալով՝ օթեւան, ուսում եւ դաստիարակութիւն։ Լոս Անճելըսի մէջ, «Մարիա Ճէյքըպսընի Ընկերներ» յատուկ յանձնախումբը, երախտագիտութեան եւ յարգանքի տուրք մատուցելու եւ յետմահու պատուելու համար հայասէր բարերարի վաստակն ու յիշատակը, կազմակերպած է զանազան հանդիսութիւններ։
Առաջին ձեռնարկը՝ Երաժշտական Համերգ Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին, տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ մէջ (125 S. Louise St.), ղեկավարութեամբ Անգլիոյ Արքայական ֆիլհարմոնիք Նուագախումբի խմբավար՝ Պարոն Վարդան Մելքոնեանին, որ եղած է Թռչնոց Բոյնի սան։
Երկրորդ ձեռնարկը՝ Մարիա Ճէյքըպսընի կիսանդրիի բացում, տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 23 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Սոլվէնկի Բեթանիա Լութերական Եկեղեցւոյ մէջ (603 Atterdag Rd.)։ Զոյգ հանդիսութիւնները կը վայելեն Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Հայոց Ազգ. Առաջնորդարանին, Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին, Հայ Կաթողիկէ Էքզարքութեան եւ Հայց. Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովանաւորութիւնը։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, խուռներամ ներկայ ըլլալու եւ յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրք մատուցելու մեծ հայասէր եւ մարդասէրի յիշատակին։
***