Շաբաթական Լուրեր – 23 Հոկտեմբեր 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

HollywoodChurchԹեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2015ին պիտի ըլլայ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ:

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Ս. Պատարագին եւ պիտի կատարէ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Ծանօթ է, որ անցեալ Յուլիսին, մասնակցելէ ետք Պիքֆայայի մէջ, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազանը անցեալ ամիսներուն հերթաբար այցելեց մեր Թեմի եկեղեցիները եւ նոր օրհնուած միւռոնով կատարեց ջրօրհնէք, որպէսզի մեր ժողովուրդը հաղորդակից ըլլայ նոր միւռոնով մեր պատմութեան ու քրիստոնէական ժառանգութեան հետ վերահաստատուած կամուրջներուն: Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ արարողութեամբ, կ’ամբողջանայ ջրօրհնէքի արարողութեանց շարքը:

Ջրօրհնէքի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Պատարագի ընթացքին, երբ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ պիտի ուղղէ իր պատգամը: Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը կը հրաւիրուի ներկայ ըլլալու սրբազան արարողութեան:

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ

10154493_10153042981131607_7812796271262655828_nՍուրիոյ տագնապահար հայութեան օժանդակութեան անգամ մը եւս ձեռք երկարելու նպատակով, մեր Թեմին մէջ գործող Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինը Կիրակի, 18 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի պետական երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ կազմակերպած էր մշակութային հանգանակային երեկոյ մը, գործակցութեամբ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան: Ելոյթ ունեցան «Անի» պարախումբն ու «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին:

Յայտնենք նաեւ, որ Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինին եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, ժողովրդային հաւաք մը կազմակերպուած էր, մասնակցութեամբ Հայց. Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու: Դասախօսեց Սուրիոյ Հայ Աւետ. համայնքի հոգեւոր հովիւ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, իբրեւ նիւթ ունենալով «Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմը եւ անոր հետեւանքները սուրիահայ համայնքին վրայ»: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան:

Վեր. Յ. Սելիմեան ներկայացուց մասնաւորաբար Հալէպի անապահով եւ անստոյգ վիճակն ու հայութեան տագնապալի կացութիւնը, լուսաբանութիւններ տալով հայութեան կողմէ Հալէպ հասնող օժանդակութեանց բաշխումին մասին: Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց հայկական գաղութներուն, որոնց շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու հայութեան, տրամադրուած հետեւողական զօրակցութեան համար: Ան նաեւ մտահոգութիւն արտայայտեց իրենցբ նակավայրերէն հեռացողներու անորոշ ճակատագիրին մասին, նշելով, որ այս հարցը եւս կը մտահոգէ գաղութի ղեկավարութիւնը:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022