ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
51-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ
Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014ին, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, Եկեղեցւոյ 51րդ տարեդարձին առիթով։
Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ, մատաղօրհնէք պիտի կատարէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան։ Պատարագէն ետք, մատաղի օրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ “Աւետիսեան” սրահին մէջ։
Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 8 Նոյեմբերին, “Աւետիսեան” սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։