ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՍԱՆ ֆՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԵՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Այս շաբաթավերջին, Առաջնորդ Սրբազանը կը գտնուի Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական մեր համայնքին հետ, Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատուցելու եւ եկեղեցւոյ տարեկան ձեռնարկին նախագահելու համար։ Կիրակի, 5 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս.
buy kamagra generic https://noprescriptionbuyonlinerxx.com/kamagra.html over the counter
Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։
Շաբաթ երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ Եկեղեցւոյ Հովիւի, Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան, Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթ-տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ “Խաչատուրեան” Հայ Կեդրոնի “Սարոյեան” սրահին մէջ։ Յատուկ գնահատանքի պիտի արժանան գաղութի վաստակաշատ մշակներ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիքեան եւ Տիար Խաժակ Սարգիսեան։
Յայտնենք որ Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով, Կիրակի, 5 Հոկտեմբերին, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան պիտի քարոզէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Կիրակի, 28 Սեպտեմբերին, Վենեզուելլայի Հայոց հոգեւոր տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան քարոզեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Նշենք որ Սրբազան Հայրերը հիւրաբար կը գտնուին մեր Թեմը։
***
“ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ” ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը “Հայ Տարեցներու Տարուան” նուրիուած դասախօսական ճաշկերոյթ մը կազմակերպած է, որ տեղի պիտի ունենայ է Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբերին, կ.ա. ժամը 11:30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ։
Դասախօսն է Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգ. Վարժարանի վաստակաշատ դաստիարակներէն Օր. Անի Պէրպէրեանը։ Գեղարուեստական յայտագիրը պիտի ճոխացնեն վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել Ազգային Առաջնորդարան. 818-248-7737 ext. 101։
***
USC ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ 10-ԱՄԵԱԿԻ ԿԱԼԱ-ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Կիրակի, 28 Սեպտեմբերի երեկոյեան, USC Համալսարանի Հայագիտական բաժանմունքի 10-ամեակի կալա-ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Պեվըրլի Հիլթըն պանդոկին մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ի պատիւ Համալսարանի նախագահ Տիար Մաքս Նիքիասի։
Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ անձամբ շնորհաւորեց օրուան մեծարեալն ու USC Համալսարանի Հայագիտական բաժանմունքին պատասխանատուները։
***