Շաբաթական Լուրեր – 31 Հոկտեմբեր 2014

*** ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

FresnoChurchԱյս շաբաթավերջին, Ֆրեզնոյի ծխական համայնքը պաշտօնական հանդիսութեամբ եւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով կը տօնէ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ օծման 100ամեակը։

Շաբաթ, 1 Նոյեմբեր 2014ի երեկոյեան, տեղի պիտի ունենայ 100ամեակի կալա ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի:

Կիրակի առաւօտ, Առաջնորդ Սրբազանը Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Սուրբ Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պիտի ընկերանան Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան: Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներ:

Կէսօրէ վերջ, Ֆրեզնոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի Յանձնախումբին հրաւէրով, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Յուշակոթողի հիմնարկէքի արարողութեան։ Յուշակոթողը պիտի կառուցուի Ֆրեզնոյի համալսարանի շրջափակին մէջ։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՊԵՐՃ ԱԲԳԱՐԵԱՆԸ

BerjApkarianConsul2Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանի բացման արարողութիւնը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին որոշումով, պատուոյ հիւպատոս նշանակուած է Ֆրեզնոյի հայ համայնքին մէջ բազմաթիւ տարիներու ծառայական վաստակ ունեցող Տիար Պերճ Աբգարեան։

Բացման արարողութեան ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով, Արցախի փոխ վարչապետ Զօր. Արթիւր Աղաբէկեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպէրթ Աւետիսեան, պետական ու պաշտօնական անձնաւորութիւններ ու ներկայացուցչական այլ դէմքեր։

Հիւպատոսարանին բացման եւ պատուոյ հիւպատոսի նշանակման առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը յանուն մեր թեմի ժողովականութեան, շնորհաւորական նամակ մը յղեց Տիար Պերճ Աբգարեանի։ Նամակը ընթերցեց Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան։

Իր նամակին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր կþառնէ Տիար Պերճ Աբգարեանի նուիրումը՝ քաղաքի հայկական կեանքին. “Վստահ ենք, որ ազգային կեանքին եւ գործի ասպարէզներու մէջ Ձեր կերտած փորձառութիւններով, Դուք այսուհետեւ Ձեր արժանիքները ի սպաս պիտի դնէք մեր մայր հայրենիքին եւ նորահաստատ հիւպատոսարանը պիտի վերածէք Հայաստանին ու մեր ժողովուրդին ծառայութեան բոյնի”, ընդգծած է Առաջնորդ Սրբազանը, յաջողութիւն մաղթելով անոր՝ իր նոր առաքելութեան մէջ:

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅ ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ

BarAssociation2Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութիւնը կազմակերպած էր դատաւորներու ի պատիւ իր տարեկան ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ։ Յատուկ պատիւի արժանացան դատաւորներ Տէյվիտ Ուեսլի, Քեւին Պրազիլ եւ Էշլի Թապատոր:

Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանեց իր օրհնութեան խօսքը։ Ան մաղթեց, որ պատիւի արժանացող արդարութեան ծառայողները տոգորուին երկնատուր իմաստութեամբ, որպէսզի օրէնքի կիրարկումը կատարեն համբերութեամբ, հասկացողութիւն ցուցաբերելով եւ հաւատարմութեամբ: Ան նաեւ օրհնեց Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան անդամները, որպէսզի իրենց քայլերուն առաջնորդ ունենան Երկնաւոր Հայրը:

Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով հանդիպում ունեցաւ Շերիֆի պաշտօնին թեկնածու Ճիմ Մաքտանըլի հետ ու յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց:

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ “ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԾՆՈՂԱԶՈՒՐԿ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ”Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

OvanesBalayanՀինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց “Հայաստանի Ծնողազուրկ Մանուկներու Ս. Ծնունդի Հիմնադրամ”ի ներկայացուցիչներուն՝ Տեարք Յովհաննէս Բալայեանի, Թոմիկ Ալեքսանեանի եւ ծանօթ արուեստագէտ Նունէ Աւետիսեանի այցելութիւնը: Անոնք եկած էին շնորհակալութիւն յայտնելու Առաջնորդ Սրբազանին, որ իր պատգամով մասնակից եղած էր Հիմնադրամին կողմէ 21 Սեպտեմբերին կազմակերպուած պատկերասփիւռային հանգանակային արշաւին՝ թելեթոնին:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու այս կազմակերպութեան հայրենանուէր ծառայութիւններուն մասին, նկատի ունենալով, որ անոր աշխատանքի գլխաւոր նպատակն է միջոցներ ապահովել մանուկներու յատուկ տուն-կառոյցներու վերանորոգութեան: Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց այս ու հայրենանուէր որեւէ աշխատանք: Խորհրդակցութեան նիւթ եղան նաեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակն ու այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները: Առաջնորդ Սրբազանը հիւրերուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան առիթով, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 19 Յուլիս 2015ին սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւն պիտի կատարէ Պիքֆայայի Վանքին մէջ (Լիբանան), Նահատակաց Յուշարձանին մօտ, ինչ որ համայն հայութեան առիթ պիտի ընծայէ իբրեւ ուխտաւոր մասնակից դառնալու այս պատմական արարողութեան:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022