Շաբաթական Լուրեր – 7 Հոկտեմբեր 2016


SanFranciscoChurchՀայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այս Շաբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2016ը, Սրբոց Թարգմանչաց է, որ կը նկատուի մեր ազգային-եկեղեցական մեծագոյն տօներէն՝ հայ գիրերու գիւտի տօնը։ 405-406 թուականին, Սահակ Պարթեւ Հայրապետը, Մեսրոպ Մաշտոցն ու թարգմանիչներու փաղանգը հիմքը դրին հայոց ինքնուրոյն լեզուին եւ գրականութեան՝ այլ խօսքով հայ ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման եւ պահպանման։

Այս շաբաթավերջին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին պիտի տօնէ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման 50րդ տարեդարձը։

Այս առիթով, Կիրակի, 9 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի պատարագէ եւ իր պատգամը փոխանցէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր։

Շաբաթ երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան եւ 50-ամեակի յանձնախումբին, տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ 50ամեակի պաշտօնական տօնախմբութիւնը, «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ: Այս առիթով, պիտի մեծարուին գաղութի բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Հէնրի եւ Ռիթա Խաչատուրեան ու Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան ամոլները։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022