Շաբաթական Լուրեր – 9 Հոկտեմբեր 2015

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՒ ՆՈՐ ՕՐՀՆՈՒԱԾ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

LasVegasChurchԱյս շաբաթավերջին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պիտի այցելէ Լաս Վեկասի ծխակայն համայնքին։ Այս առիթով, Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2015ին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ Պիքֆայայի մէջ Յուլիսին կատարուած նոր օրհնուած Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարէ։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու արարողութեան եւ հաղորդակից դառնալու օրուան խորհուրդին։

***

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Հայ Մշակութային Ամսուան առիթով, հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը դասախօսական ճաշկերոյթ մը կազմակերպած է, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբերին, կ.ա. ժամը 11։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։

Դասախօսն է վաստակաշատ ակնաբոյժ Տոքթ. Միրէյ Համբարեան, որ պիտի ներկայացնէ «Աչքի ընթացիկ հիւանդութիւններ» նիւթը։

Կը հրաւիրենք մեր գաղութը ներկայ գտնուելու ու քաջալեր հանդիսանալու այս շահեկան դասախօսութեան եւ հաճելի ցերեկոյթին։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել Ազգ. Առաջնորդարան, 818-248-7737 ext. 101։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 60-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Haigazian60thՇաբաթ, 3 Հոկտեմբերի երեկոյեան, յատուկ հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 60րդ տարեդարձը, Լոս Անճելըսի «Տորոթի Չէնտլըր» սրահին մէջ:

Յոբելենական հանդիսութիւնը սկսաւ ընդունելութեամբ մը, որուն յաջորդեց երաժշտական յայտագիր մը, կատարողութեամբ օփերայի հռչակաւոր երգիչ Փլասիտօ Տոմինկոյի: Երեկոն շարունակուեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթով մը:

Առաջնորդ Սրբազանը, ընդառաջելով իրեն ուղղուած հրաւէրին, ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։

***

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ Ի ԽՆԴԻՐ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

IDC-LogoԵրկուշաբթի, 5 Հոտեմբերի երեկոյեան, Մարոնի համայնքի Our Lady of Mt. Lebanon Եկեղեցւոյ մէջ գումարուեցաւ In Defense of Christians (IDC) կազմակերպութեան հաւաքը։ Այս կազմակերպութիւնը անցեալ տարի Ուաշինկթընի մէջ ունեցաւ իր առաջին հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերը։ Կազմակերպութեան նպատակն է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ապահովութիւնը եւ պաշտպանութիւնը:

Ժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը, որ սակայն միջ-թեմական հոգեւորականաց համագումարին մասնակցելու համար Նիւ Ճըրզի գտնուելուն պատճառով, իբրեւ ներկայացուցիչ առաքած էր Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը:

Հիւրասիրութեան պահէ մը ետք, ներկայ եկեղեցականներն ու աշխարհական կազմակերպիչները դիտեցին կարճ տեսաերիզներ, որոնք կը պատկերեն ներկայ վիճակը միջին արեւելեան կարգ մը երկիրներու, որոնց կողքին Միացեալ Նահանգերու քաղաքական ուժերու զօրակցութեան համար, կազմակերպութիւնը եկեղեցիներուն օժանդակութիւնը կը խնդրէ՝ լուրը տարածելու եւ ժողովուրդին մասնակցութիւնը ապահովելու համար:

Զրոյցի աւարտին, արձանագրուեցան առաջարկներ եւ արծարծուեցան որոշ հարցեր, որոնք առիթ տուին օգտակար քննարկումներու: Անոնց հիմամբ, մարմինը միջոցներ պիտի ճշդէ տագնապը հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու նպատակով:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022