Շաբաթական Լուրեր – 12 Սեպտեմբեր 2014

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Կիրակի, Սեպտեմբեր 14-ը տօնն է Վերացման Ս. Խաչի, միաժամանակ անուանակոչութեան տօնը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին։

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, տեղի պիտի ունենայ ռեհանի եւ մատաղի օրհնութիւն եւ հաւաքական սիրոյ ճաշ, “Բաղրամեան” սրահին մէջ, հիւրընկալութեամբ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան։

Նշենք թէ Խաչվերացի տօնը մեր եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու արձանագրութեան եւ վերամուտի օրն է։ Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու աշակերտները իրենց շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ներկայ պիտի ըլլան Ս. Պատարագի ու Ս. Հաղորդութիւն պիտի ստանան, նոր տարեշրջանը աղօթքով ու Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեամբ սկսելու համար։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022