ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ Ս. ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
Այս շաբաթասկիզբին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Հայաստան մեկնեցաւ, Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2015ին Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուելիք Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութեան արարողութեան մասնակցելու: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ՝ Ն.
buy viagra plus generic https://viagra4pleasurerx.com/viagra_plus.html over the counter
Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի նշանակումով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Սրբազանն ու Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան պիտի ներկայացնեն Կիլիկեան Ս. Աթոռը նշեալ արարողութեան:
Միւռոնօրհնէքի նախորդ օրը, Շաբաթ, 26 Սեպտեմբերին, տեղի պիտի ունենան միջ-եկեղեցական հանդիպում եւ աղօթք. իսկ Միւռոնօրհնէքին յաջորդ օրը, նկատի առնուած է այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր, ինչպէս նաեւ բացում «Գարեգին Ա. Ուսումնական կեդրոն»ի, խաչքարի օծում եւ համերգ:
Յայտնենք, որ յանուն Վեհափառ Հայրապետին, Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբերին, երկու Առաջնորդները ներկայ գտնուեցաւ Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ օծման արարողութեան, եւ Նորին Սրբութեան կողմէ շնորհաւորական իրենց խօսքն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին հայ Կաթողիկէ համայնքին։