ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԵՒ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ
Կիրակի, 28 Սեպտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Ս. Պատարագէն ետք, Հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբը կազմակերպած է Հայ Տարեցներու Տարուան նուիրուած ձեռնարկ մը, պատուելու համար գաղութի 70 տարիքը ամբողջացուցած տարեցները։
Ձեռնարկը կը վայելէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութիւնն ու ներկայութիւնը. տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
***
ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ
Անցեալ շաբաթավերջին, գաղութիս մէջ տեղի ունեցան երկու իւրայատուկ համերգներ։
Շաբաթ, 20 Սեպտեմբերի երեկոյեան, ԼԱՐՔ երաժշտական ընկերակցութիւնը կազմակերպած էր դասական երաժշտութեան համերգ մը, գործակցութեամբ ծանօթ արուեստագէտ երգիչ Սերժ Թանգեանի, Փասատինայի “Ambassador Auditorium”-ին մէջ: Համերգը մաս կը կազմէր Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ԼԱՐՔի ձեռնարկներու շարքին: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղան համերգին։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամ՝ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան:
Իսկ Կիրակի, 21 Սեպտեմբերին, Լոս Անճելըսի “Colburn School Zipper Hall”-ի մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ մը, նուիրուած վաստակաշատ հանգուցեալ խմբավար Արամ Ղարաբէկեանի յիշատակին։ Առաջնորդ Սրբազանը անձամբ ներկայ գտնուեցաւ համերգին։
Երկու համերգներն ալ տպաւորիչ էին եւ արժանացան արուեստասէրներու գնահատանքին:
***