Հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Հէրի եւ Շերըլ Նաճարեան ամոլին եւ խումբ մը նախկին լիբանանցիներու, Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «California Club» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ Լիբանանի նոր գլխաւոր հիւպատոս Տիկին Միռնա Խաուլիի։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան ու անգամ մը եւս առիթ ունեցաւ շնորհաւորելու լիբանանցի դիւանագէտը, յաջողութիւն մաղթելով անոր առաքելութեան։
Իսկ Կիրակի, 29 Ապրիլին, Առաջնորդ Սրբազանը մասնակցեցաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութեանց, որոնք նոյն օրը սահմանուած էին արտերկրի լիբանանցիներուն։ Քուէարկութիւնը առիթ մը եղաւ Առաջնորդ Սրբազանին՝ հանդիպում ունենալու գլխաւոր հիւպատոսին ու ընտրական աշխատանքը կազմակերպող յանձնախումբի հայ անդամներուն հետ։