Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 44րդ Նստաշրջան


– ԲԱՐՁՐ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ 6ՐԴ ՔԱՌԱՄԵԱԿԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

– ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՒ ԱԶԳ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱԶՄԵՐԸ

– ԾԽԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐԷՆ 75,000 ՏՈԼԱՐԻ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԻՆ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը 21 եւ 22 Մայիս 2016ին գումարեց իր 44րդ նստաշրջանը, սպառիչ քննարկման ենթարկեց իր օրակարգը, որուն վրայ էին թեմակալ Առաջնորդի եւ զոյգ գործադիր իշխանութիւններուն՝ Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան նոր կազմերու ընտրութիւնը։ Ժողովը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ եւ քառամեայ 6րդ շրջանի մը համար Առաջնորդ վերընտրեց Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, ընտրեց Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան նոր կազմերը՝ 2 տարուան պաշտօնավարութեան շրջանի մը համար, նաեւ, իբրեւ անմիջական զօրակցութիւն Արցախին, ծխական շրջաններուն մասնակցութեամբ գոյացուց 75,000 տոլարի գումար մը, որ պիտի աւելնայ մեր Թեմին կողմէ Արցախի մարտնչող բանակին ու ժողովուրդին ի նպաստ հանգանակուող գումարին վրայ։

ԺՈՂՈՎԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

Նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ Ուրբաթ, 20 Մայիսի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ: Առաջին օրը գումարուեցաւ երկու նիստեր: Ժողովին կը մասնակցէին հոգեւորականաց դասու անդամներ եւ պատգամաւորներ, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան, Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան անդամներ, ծխական շրջաններէ ընտրեալ երեսփոխաններ, հոգաբարձութեանց ատենապետներ, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի եւ CASPSի ներկայացուցիչներ եւ Տնօրէններ: Նստաշրջանին հիւրընկալն էր Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցին:

Ժողովին բացումը կատարուեցաւ հաւաքական աղօթքով: Երգուեցաւ հոգեգալստեան հինգերորդ օրուան շարականը։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ժողովականները եւ հրաւիրեց Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը ընթերցելու Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ ժողովին ուղղուած օրհնութեան խօսքն ու պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետը կ’ողջունէր եւ որոշ մտածումներու բաժնեկից կը դարձնէր ժողովականները, ի խնդիր թեմական կեանքի առաւել պայծառացման: Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէր, որ 2016ը հռչակած է «Ծառայութեան Տարի», որ հրաւէր է ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Ան կոչ կ’ուղղէր հետեւելու Քրիստոսի օրինակին, որ ծառայեց աղքատին ու հիւանդին, ընդգծեց, որ ինք աշխարհ եկած է ծառայելու, եւ ոչ թէ ծառայութիւն ստանալու համար: Վեհափառ Հայրապետը գնահատանք կ’արձանագրէր հոգեւորական ու աշխարհական բոլոր ծառայողներուն, որոնք լծուած են եկեղեցին ժողովուրդին տանելու առաքելութեան։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցում կը կատարէր Արցախի ի նպաստ հանգանակային աշխատանքներու լծուելու իր կոչին եւ կ’եզրափակէր գնահատանք արձանագրելով Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Վարչութեան, վստահեցնելով, որ Ս. Աթոռը կը կանգնի անոնց կողքին:

Դիւանի անդամ ընտրուեցան Տեարք Պօղոս Սասունեան եւ Պիլ Սահաթճեան՝ ատենապետ, իսկ ատենադպիր ընտրուեցան Տեարք Համօ Գասպարեան եւ Զօհրապ Եարալեան։

Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց ներկաները՝ յոտնկայս յարգելու յիշատակը Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Վահրիճ Փիլաւճեանի, ազգային բարերար Լէրի Պարնզի եւ այլ ծառայողներու ու բարերարներու, որոնք իրենց յաւիտենական հանգիստը գտան անցեալ տարուան ընթացքին։ Յարգանք մատուցուեցաւ նաեւ Արցախի ապրիլեան պատերազմի զոհերուն յիշատակին։

ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԵՐ

Սրտի խօսք արտասանեց Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան։ Ան ողջունեց բոլոր ներկաները եւ վեր առնելով Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն բաժին մը՝ կոչ ուղղեց բազմապատիկ կորովով լծուելու յառաջիկայ աշխատանքներուն։ Ան հրաւիրեց երեսփոխանական ժողովի անդամները, որ իրենց ծրագիրներով ներդրում ունենան այս ժողովին, իսկ յառաջիկայ աշխատանքային տարուան ընթացքին՝ աջակից ըլլան թեմական աշխատանքներուն։

Ողջոյնի իր խօսքը արտասանեց Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան: Յանուն Ազգային Վարչութեան անդամներուն՝ ան մաղթեց, որ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի 44րդ նստաշրջանը ըլլայ մեր Թեմի աշխատանքներու ճամբուն վրայ նոր նուաճումներու հանգրուան մը: Ան նաեւ մաղթեց, որ այս ժողովին ընտրուելիք նոր կազմերը յաջողութեամբ շարունակեն ծառայական աշխատանքը, մեր աչքերը ուղղելով դէպի նոր բարձունքներ, այն գիտակցութեամբ, որ մեր Թեմն ու մեր հայրենիքը նուիրեալ զինուորներով կազմուած բանակներու կը կարօտին, իսկ նորագոյն յուշարարները եղան Ցեղասպանութեան յիշատակման տարեդարձներն ու արցախեան իրադարձութիւնները:

Հիւրընկալ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով, ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Տաճատ Երէցեան։

«ԳՈՐԾԵԼ ԱՐԹՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԴՐԱՊԱՇՏ»

Ժողովին պաշտօնական բացման իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է տարի մը եւս ծառայելու մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու ազգին: Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որ այս տարի եւս, իր հայրապետական պատգամով ներկայութիւն եւ ուղեցոյց է ժողովին, ողջոյնի խօսք ուղղեց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, նշելով, որ Արեւելեան ու Քանատայի թեմերուն հետ սիրալիր գործակցութիւն կայ եւ միասնական ծրագիրներ կ’իրագործուին տարուան ընթացքին, վերջապէս՝ շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց Քանատայի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, մաղթելով յաջողութիւն։

Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Աստուծոյ կամքով այս ժողովին կը ներկայանայ իբրեւ թեմակալ Առաջնորդ ծառայութեան 20րդ տարուան լրումին: Ան նշեց, որ յաջորդ ամիս կ’ամբողջանայ 40ամեակը կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան եւ օծման, որ իրեն առիթ ընծայեց ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու տարբեր գաղութներու, սակայն այնպէս վիճակուեցաւ, որ ծառայութիւններուն մեծագոյն բաժինը, շուրջ 35 տարիներ, ի սպաս դրուեցան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու այս Թեմին: Ան մաղթեց, որ աշխատանքի նոր շրջանը դիմաւորենք արթնութեամբ, բացթողումներ կանխարգիլելու եւ մեր գործը որակական բարելաւումի առաջնորդելու կամքով, որովհետեւ հիմնականը՝ սխալներ կանխարգիլել, դրական մօտեցումով անմիջական դարմաններ ու լուծումներ գտնելն է։ Այս մտածումները ժողովականներուն հետ կը բաժնեկցի՝ մասնաւորաբար ի մտի ունենալով, որ 2016ը «Ծառայութեան Տարի» է, հետեւաբար, անհրաժեշտ է մեր ծառայութիւնը շարունակել համեստութեամբ, համերաշխութեամբ, փոխադարձ յարգանքով, մէկզմէկու իրագործումները գնահատելու, իրարու օգտակար դառնալու վեհանձնութեամբ, «եւ թող անկեղծութիւնն ու ազնուութիւնը ըլլան մեզ առաջնորդող փարոսները»:

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ աշխատանքային աւարտող տարուան պատմական նշանակութիւններուն, երբ թեւակոխեցինք Ցեղասպանութեան 101րդ տարին եւ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանախօսքով, բանիւ ու գործով միացանք ամբողջ հայութեան երթին, ոգեկոչեցինք ու սրբադասեցինք մեր 1.5 միլիոն նահատակները, եւ այսօր, պահանջատիրական պայքարը փոխադրած ենք քաղաքական ու իրաւական նոր դաշտեր: Ան անհրաժեշտ նկատեց ապաւինիլ Աստուծոյ, խրախուսուիլ սաղմոսերգուին այն խօսքերով, որ կ’ըսէ. «Տէրն է իմ յոյսս եւ փրկութիւնս. որմէ՞ պիտի վախնամ. Տէրն է կեանքիս ապաւէնը, որմէ՞ պիտի դողամ»: Յառաջիկայ աշխատանքները կ’ընդգրկեն Թուրքիոյ պետութեան դէմ Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածներուն վերատիրացման դատը, իսկ Արցախի ապրիլեան պատերազմին պատճառով, մեր Թեմը մասնակից է Արցախի ի նպաստ հանգանակային աշխատանքներուն, ընդառաջելով Ս. Աթոռոյս Վեհափառ Հայրապետին կոչին: Վերջապէս՝ մեր Թեմը պատմական հանգրուան մը պիտի ապրի յառաջիկայ 30 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբերին, երբ պիտի հիւրընկալենք Վեհափառ Հայրապետը եւ պիտի տօնակատարենք Նորին Ս. Օծութեան գահակալութեան 20րդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն պիտի յայտնենք Կաթողիկոսութեան նոր ծրագիրներուն:

Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ նաեւ մեր Թեմին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, այն առումով, որ մեր աճող գաղութին հետ կ’աճին նաեւ հաւաքական կարիքները. ունինք եկեղեցաշինական ու դպրոցաշինական ծրագիրներ, զորս Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի իրագործենք գործակցաբար, իսկ Ազգ. Առաջնորդարանի ժողովականութեան անդամները կը կանգնին այս աշխատանքներուն առաջին գիծերուն վրայ, ընդգծելով, որ յառաջիկայ աշխատանքներուն համար կը կարօտի բոլորին գործակցութեան ու լծակցութեան։ Ան կոչ ուղղեց միասնաբար յառաջ ընթանալու, ապաւինելով Աստուծոյ, որ բոլոր սիրտերուն գաղտնիքներուն ծանօթ է, եւ մաղթեց, որ միացեալ ճիգերը նպաստեն մեր Թեմին, եկեղեցւոյ եւ հաւաքական աշխատանքին բարելաւման:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ նշեց, որ ինչպէս անցեալին, նմանապէս ապագային, Վեհափառ Հայրապետը պիտի ըլլայ մեր կողքին, ինչպէս որ ընդառաջելով մեր խնդրանքին, այս տարի երկու միաբան հայրեր տրամադրեց մեր Թեմին: Ան իր խօսքը եզրափակեց յաջողութիւն մաղթելով ժողովի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ գնահատանք արձանագրելով անցեալ շրջանի բոլոր ծառայողներուն:

Ժողովի յանձնախումբերու ընտրութենէն ետք, ծխական շրջաններու գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ տուին հոգաբարձութեանց ատենապետները կամ հոգեւոր հովիւները։

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ

Յարգելով Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի տարիներու բարի աւանդութիւնը, Առաջնորդ Սրբազանը, Կրօնական Ժողովն ու Ազգ. Վարչութիւնը այս տարի գնահատանքի արժանացուցին Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմի անդամները, իրենց նուիրեալ աշխատանքին ու ծառայութիւններուն համար։ Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան ատենապետներուն ձեռամբ, յուշատախտակներ ստացան, վաղեմութեան կարգով՝ Տիկնայք Հուրիկ Ֆուռնուզեան (ի բացակայութեան), Քնար Գորթոշեան, Տիար Սարգիս Մահսէրէճեան, Տիար Վաչիկ Աբէլեան (ի բացակայութեան), Տիկին Նեկտար Ազատեան, Օր. Մարիա Աբրահամեան, Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Յանուն անձնակազմի անդամներուն, շնորհակալութեան սրտի խօսք արտասանեց Տիար Սարգիս Մահսէրէճեան։

Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ անձնակազմի անդամներուն նուիրեալ ծառայութիւնը եւ յորդորեց, որ «Ծառայութեան Տարուան» առիթով, մեր եկեղեցիները, վարժարաններն ու միութիւններն ալ գնահատանքի արժանացնեն ծառայողները:

Յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ ժողովին բոլոր մասնակիցներուն։

«ՅՈՅԺ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ»

Ժողովը լսեց հաշուական տեղեկագիրն ու հաշուեքննիչ յանձնախումբին գնահատականը, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ զեկուցումներ՝ Կրօնական Ժողովին, Ազգ. Վարչութեան եւ Խնամակալ Մարմինին վերջին շաբաթներու աշխատանքներուն մասին, որոնք չէին ընդգրկուած անդամներուն յղուած գրաւոր տեղեկագիրներուն մէջ։ Ժողովականներուն ուղղած հարցումները գտան սպառիչ պատասխաններ։ Ժողովը կատարեց տարուած աշխատանքին ըստ էութեան քննարկումը եւ «Յոյժ Գնահատելի» բանաձեւը որդեգրեց Առաջնորդ Սրբազանին, զոյգ գործադիր մարմիններուն ու անոնց կողքին աշխատող բոլոր միաւորներուն մասին։

ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԵՒ ԱԶԳ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Օրակարգի ընտրական կէտերէն առաջինն էր թեմակալ Առաջնորդի ընտրութիւնը։ Ժողովը ծանօթացաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տրամադրուած եռանուն ցանկին եւ փակ քուաէրկութեամբ ու ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ վերընտրեց Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը՝ պաշտօնավարութեան 6րդ քառամեակի մը համար։

Առաջնորդ Սրբազանը, որ քուէարկութեան պահուն հեռացած էր սրահէն, ժողովատեղի վերադարձաւ հոգեւորականաց դասուն, ժողովի դիւանին եւ Կեդրոնական եւ Ազգ. Վարչութեան ընկերակցութեամբ, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ։ Տեղի ունեցաւ կանոնական արարողութիւն։

Սրտի իր խօսքը արտասանելով, Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, ընտրութիւնը առաջնորդելուն համար, երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, երեսփոխանական ժողովին՝ իր վստահութեան համար, եւ յիշեցնելով ժողովի բացման պահուն իր արտայայտած մտածումները, կոչ ուղղեց առաջնորդուելու այդ ոգիով, շեշտելով, որ յառաջիկայ աշխատանքներուն համար կը կարօտի բոլորին գործակցութեան ու լծակցութեան։

Ազգ. իշխանութեանց երկու ժողովներու անդամներուն ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ նստաշրջանին երկրորդ օրը՝ Շաբաթ՝ 21 Մայիսին։ Ժողովը որդեգրեց Հոգեւորականաց Համագումարին կողմէ ներկայացուած՝ կրօնական պատգամաւորներու ցանկը, որ կ’ընդգրկէր հետեւեալ հոգեւոր հայրերը.- Գերպ Տ. Միւռն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։

Փակ քուէարկութեամբ, Ազգ. Վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ ազգայինները.- Բարշ. Մարք Սրկ. Շիրին, Տեարք Վահէ Յովակիմեան, Անդրանիկ Գասպարեան, Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, Տիկնայք Թերէզ Քեմանճեան, Էլօ Պոյաճեան, Տեարք Կարօ Էշկիեան, Ալեք Պաղտասարեան եւ Աւօ Քէշիշեան։

ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՒՄ

Նստաշրջանի Բ. օրուան նիստերուն, օրակարգի վրայ էր մշակումը յառաջիկայ աշխատանքային տարուան ծրագիրներու, որոնք կ’ընդգրկեն Ազգ. Առաջնորդարանին, ծխական շրջաններու համաթեմական առաջադրանքներն ու կրթական համակարգի դաշտերը։ Որդեգրուեցաւ նաեւ յառաջիկայ տարուան պիւտճէն։

Ժողովը կարեւորութեամբ կանգ առաւ երկու գլխաւոր առաջադրանքներու վրայ։ Ինչպէս նշուեցաւ, Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկայ Աշնան, 30 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբեր, պիտի այցելէ մեր Թեմը, երբ պիտի նշուի Նորին Սուրբ Օծութեան գահակալութեան 20ամեակի տօնակատարութիւնը. կը նախատեսուին Կաթողիկոսարանին զօրակցական արտայայտութեան ձեռնարկներ։

Իսկ Արցախի զօրակցութեան աշխատանքներու ծիրին մէջ, ժողովս քննարկեց, բարոյական աջակցութեան կողքին, գործնական զօրակցութեան շօշափելի քայլերու կարելիութիւնը, մանաւանդ որ Վեհափառ Հայրապետը, Արցախ իր այցելութեան առիթով, Ս. Աթոռոյս անունով 500,000 տոլարի օժանդակութիւն մը յայտարարած էր եւ կոչ ուղղած բոլոր Թեմերուն, որ մասնակցութիւն բերեն այս հիմնադրամին գոյացման։ Ծխական բոլոր շրջանները տեղւոյն վրայ հանգանակեցին 75,000 տոլար, որ պիտի գումարուի Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ մօտաւորապէս ամիս մը առաջ բացուած հանգանակութեան միջոցով գոյացող գումարին վրայ։ Հանգանակութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ օրերուն եւ մեր Թեմին օժանդակութիւնը պիտի փոխանցուի Կաթողիկոսարանին ճամբով։

Ժողովը քննարկեց եւ վաւերացուց աշխատանքի յառաջիկայ տարուան պիւտճէի նախահաշիւը:

Նկատի ունենալով, որ օրակարգի հարցերուն քննարկումը սպառած էր, Տիար Պօղոս Սասունեան դիւանին անունով շնորհաւորեց վերընտրեալ Առաջնորդ Սրբազանը, նորընտիր կազմերը, շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովին, եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի արտասանէ իր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց դիւանին աշխատանքը, վաստակը՝ շրջանաւարտ կազմերուն, շնորհաւորեց նոր ընտրեալ կազմերը, գոհունակութիւն արտայայտեց յանձնառու կեցուածքներուն համար, եւ յոյս ու վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ քայլերը պիտի իրագործուին հաւատքով, փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ անկեղծութեամբ։ Ան անգամ մը եւս գնահատանք արձանագրեց Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմին, շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան՝ ժողովիս հիւրընկալութեան համար: Նստաշրջանը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով ու «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022