Ուրբաթ, 4 եւ Շաբաթ, 5 Մայիս 2018-ին, Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր ընթացիկ 46-րդ նստաշրջանը պիտի գումարէ Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Նստաշրջանը պիտի հիւրընկալէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։
Երկօրեայ նստաշրջանը հրաւիրուած է քննարկելու Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան ու անոնց հովանիին տակ գործող ուսումնական եւ այլ միաւորներու աւարտող տարեշրջանի գործունէութիւնը, իր գնահատականը արձանագրելու տարուած աշխատանքին մասին եւ պատրաստելու յառաջիկայ տարուան գործունէութեան նախագիծը։
Տեղի պիտի ունենայ նաեւ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան ընտրութիւն։
Ըստ տարիներու աւանդութեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 2 Մայիսին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի պիտի ունենայ Թեմիս հոգեւորականաց միօրեայ համագումարը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին։