Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 48-րդ Նստաշրջան – Արցախի Հարցով Պահանաջագիր Ա.Մ.Ն. Նախագահին – Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Նորընտիր Թեմակալ Առաջնորդ – Կրօնական Ժողովի Եւ Ազգ. Վարչութեան Նորընտիր Կազմեր

Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, իր 48-րդ նիստը գումարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ։

«Քորոնա» ժահր համաճարակին պատճառով, ժողովը մէկ օրուան ժամանա-կամիջոցի մէջ խտացուած օրակարգով, ընթացաւ հեզասահ եւ կրցաւ սպառել բոլոր կէտերը։ ժողովի օրակարգը կ՛ընդգրկէր նաեւ Թեմակալ Առաջնորդի եւ Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան նոր կազմերու ընտրութիւնն ու յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութեան ու նախահաշիւի վաւերացումը։

ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՈՒՄ
Նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ։

Ժողովին կը մասնակցէին հոգեւորականաց դասու անդամներ, ծխական շրջաններէ ընտրեալ երեսփոխանաններ, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ տեարք Վահէ Եագուպեան եւ Կայծակ Զէթլեան, Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան անդամներ, հոգաբարձութեանց ատենապետներ, եւ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհին։

Նստաշրջանի հիւրընկալն էր Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցին:

Ժողովի բացումը կատարուեցաւ հաւաքական աղօթքով վասն հզօրութեան Հայաստանի եւ Արցախի, անսասանութեան՝ Հայոց Բանակին ու լուսաւորութեան՝ մեր նահատակներու հոգւոյն, ապա հնչեց «Մեր Հայրենիք»ը։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ժողովականները եւ հրաւիրեց Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը ընթերցելու Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ ժողովին ուղղուած օրհնութեան խօսքն ու պատգամը։ Իր խօսքին ընդմէջէն, Վեհափառ Հայրապետը կþողջունէր եւ որոշ մտածումներու բաժնեկից կը դարձնէր ժողովականները՝ ի խնդիր թեմական կեանքի առաւել պայծառացման: Ան մասնաւորաբար կը մատնանշէր գաղութներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները վերջին ժամանակաշրջանին ըսելով. «Ներկայ դժուար կացութիւնը կը շարունակուի, որուն դիմաց անհրաժեշտ է, որ վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով մեր Թեմը շարունակէ իր ծառայական առաքելութիւնը։ Ստեղծուած ներկայ պայմանները, բնականաբար, կը մղեն ձեզ նոր գործելաոճ որդեգրելու, ինչպէս նաեւ Թեմին առաջնահերթութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու։ Այս ծիրէն ներս Մեր թելադրութիւնն է, որ յատուկ կարեւորութիւն տրուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր սնունդ հայթայթելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ՝ ընկերային ծառայութեան»։ Վեհափառը կը գնահատէր Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգային Վարչութիւնն ու Կրօնական Ժողովը, որոնք յատկապէս վերջին դժուար ժամանակաշրջանին նուիրումով ծառայեցին մեր ժողովուրդին։

Նորին Սրբութեան խօսքի ըներցումէն ետք, դիւանի անդամ ընտրուեցան տիար Պօղոս Սասունեան՝ իբրեւ ատենապետ, Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ տիար Համօ Գասպարեան՝ իբրեւ Ա. եւ Բ. ատենադպիրներ։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց ներկաները՝ յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը Ազգ. երեսփոխան Հայկազ Թրթռեանի եւ Փրոֆ. Արա Մանաշի, որոնք առյաւէտ բաժնուած էին մեզմէ անցեալ ամիսներու ընթացքին։

Յատուկ յարգանք մատուցուեցաւ նաեւ Արցախեան նորագոյն պատերազմի զոհերուն յիշատակին, որոնք հերոսաբար ինկան իրենց նախահարց սրբազան հողին համար, դէմ դնելով ծաւալապաշտ դարաւոր ցեղասպանին անմարդկային բոլոր յարձակումներուն։ Ժողովը այս առիթով իր ցասումն ու ընդվզումը յայտնեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի եւ անոր անմեղ բնակչութեան վրայ ի գործ դրուած ցեղասպանամէտ յարձակումին համար, որ սանձազերծուած էր Թուրքիոյ անմիջական գործադրութեամբ ու զօրակցութեամբ։ Ապա, ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց պաշտօնական բողոքի գիր մը յղել Ա.Մ.Ն. նախագահին եւ քոնկրէսին։

Ապա, ողջոյնի ու սրտի խօսք արտասանեց Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ տիար Վահէ Եագուպեան։ Վեր առնելով Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն բաժին մը՝ ան հրաւիրեց անսալ Նորին Սրբութեան կոչին եւ նորոգ յանձնառութեամբ լծուիլ յառաջիկայ աշխատանքներուն։ Ապա կարեւորեց Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած ահազանգային իրավիճակը, շեշտեց միասնակամութեան ու վերակազմակերպումի հրամայականը, ուժ ու կորով մաղթեց Հայոց Բանակի քաջարի զինուորներուն եւ յաջողութիւն՝ ժողովի աշխատանքներուն։

Յանուն Ազգային Վարչութեան, ողջոյնի խօսք արտասանեց կազմի ատենապետ տիար Կարօ Էշկիեան։ Ան մաղթեց, որ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի 48-րդ նստաշրջանը ըլլայ մեր Թեմի աշխատանքներու ճամբուն վրայ նոր նուաճումներու հանգրուան մը: Նշեց նաեւ, թէ ազգովին ծանր օրեր կ՛ապրինք, որովհետեւ մէկ կողմէ »քորոնա« ժահր համաճարակը կը շարունակէ կեանքեր խլել, իսկ միւս կողմէ մեր հայրենիքը օրհասական պայքար կը մղէ դարաւոր հակառակորդի անյագ ոտնձգութեանց դէմ։ Ան յոյս յայտնեց, որ հայո՛ւ կամքով ու իբրեւ մէ՛կ ազգի, այս մարտահրաւէրը եւս կը դիմագրաւենք։ Իր խօսքի աւարտին, տիար Էշկիեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, որ երկար տարիներ առաջնորդի իր պարտականութիւնը նախանձախնդրութեամբ ու բծախնդրութեամբ կը կատարէ եւ շնորհիւ անոր տքնաջան ու վաստակաշատ աշխատանքին՝ Ազգ. Առաջնորդարանը վերելք ապրած է։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իր գործակիցներուն ու Առաջնորդարանի անձնակազմին։

Հիւրընկալ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով ներկաները ողջունեց ատենապետուհի Տիկին Արփի Հինքս, որ պատիւ համարեց հիւրընկալութիւնը իրենց շրջանին վստահուիլը եւ յաջողութիւն մաղթեց Ժողովին։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուղղեց իր պատգամը։ Առաջին հերթին անդրադարձաւ մեր գաղութի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, յատկապէս հայրենիքի ու Արցախի մէջ մղուող օրհասական մահու կենաց պատերազմին։ Ան մաղթեց, որ հրադադարը շուտով ու վերջնականապէս հաստատուի, հայորդիներու անմեղ արեան հեղումը դադրի, մեր Հայրենիքը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը, իսկ ժողովուրդը վերադառնայ իր բնականոն ու խաղաղ կեանքին եւ Արցախը ամուր ու հաստատ պահէ իր անկախութիւնը։

Ան նաեւ իր խոր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր ազնիւ բարերարներուն, որոնք անցնող տարիներուն անվերապահօրէն զօրակցեցան Ազգ. Առաջնորդարանի բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան։ Գնահատանք յայտնեց Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Ազգ. Վարչութեան տիար ատենապետին եւ անդամներուն, երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեանց, Տիկնանց Միութեանց, Ազգ. Առաջնորդարանի անցեալի եւ ներկայի անձնակազմի անդամներուն ու եկեղեցւոյ ծառայողներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որուն օրհնութեամբ վեց քառամեակներ շարունակ վարած էր Թեմի առաջնորդական պաշտօնը։ Ապա բոլորին ուշադրութեան յանձնեց, որ յատուկ նամակով խնդրած էր Նորին Սրբութենէն, որ կը փափաքի զերծ մնալ առաջնորդական իր պարտաւորութիւններէն։ Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ իմաստութիւն, ուժ ու կորով պարգեւէ ընտրելի առաջնորդին, Կրօնական ժողովին եւ Ազգ. Վարչութեան, որպէսզի անշահախնդրօրէն ու ամբողջական նուիրումով ծառայեն ի փառս Աստուծոյ, ի շինութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի բարգաւաճումն հայ ժողովրդեան։

«ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆՍ ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ԵՒ ՅՈՅԺ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ»
Ժողովը լսեց հաշուական տեղեկագիրն ու հաշուեքննիչ յանձնախումբին գնահատականը, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ զեկուցումներ՝ Կրօնական Ժողովին, Ազգ. Վարչութեան եւ Խնամակալ Մարմինին վերջին ամիսներու աշխատանքներուն մասին, որոնք չէին ընդգրկուած անդամներուն յղուած գրաւոր տեղեկագիրներուն մէջ։ Ժողովականներուն ուղղած հարցումները գտան սպառիչ պատասխաններ։ Ժողովը կատարեց տարուած աշխատանքին ըստ էութեան քննարկումը եւ Բարձրագոյնս ծափահարելի ու յոյժ գնահատելի« բանաձեւը որդեգրեց Առաջնորդ Սրբազանին, զոյգ գործադիր մարմիններուն ու անոնց կողքին աշխատող բոլոր միաւորներուն մասին։

ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԵՒ ԱԶԳ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Օրակարգի ընտրական կէտերէն առաջինն էր Թեմակալ Առաջնորդի ընտրութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ Թեմիս բարեջան առաջնորդ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ յայտնած էր, որ կը դադրի առաջնորդական պատասխանատուութիւններէն, Ժողովը վերահասու եղաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տրամադրուած թեկնածուներու եռանուն ցանկին, որ կ՛ընդգրկէր երեք եկեղեցականներու՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի անունները։

Ըստ աւանդութեան, Թորգոմ Սրբազան օրակարգի այս կէտին հեռացաւ ժողովասրահէն։ Ներկայ երեսփոխանները փակ քուէարկութեամբ ու միաձայնութեամբ Թեմակալ առաջնորդ ընտրեցին Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը։ Նորընտիր առաջնորդը Ժողովի դիւանին ընկերակցութեամբ վերադարաձաւ ժողովասրահ եւ ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ ժողովականներու կողմէ։

Այնուհետեւ, հոգեւորականներու առաջնորդութեամբ եւ «Ուրախ լեր» եւ «Հրաշափառ» շարականներու երգեցողութեամբ նորընտիր Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան առաջնորդուեցաւ դէպի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ուր նախ կատարեց «Կանոնական Աղօթք»ը, ապա նախկին Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան առաջնորդական գաւազանը յանձնեց նորընտիր Առաջնորդին։

Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը ժողովականներուն յղած իր առաջնորդական անդրանիկ խօսքին մէջ նշեց. «Աղօթքը կեանքիս մէջ մնայուն ներկայութիւն է: Հոգիի աճման, մտքի պայծառութեան եւ մարմնի առողջութեան համար ամենակարեւո՛րն է անիկա։ Ահա թէ ինչու, ինչպէս միշտ, այսօր եւս, ես կ՛աղօթեմ Աստուծոյ, այս անգամ՝ քիչ մը աւելի ուժգին եւ միաժամանակ խնդրանքոտ, այլեւ ամէնէն խորերէն՝ տկար, բայց Յիսուսի սիրով յորդուն իմ հոգւոյս՝ աղաչելով, որ Տէրս Իր շունչը անպակաս ընէ վրայէս, կեանքիս ամենապատասխանատու այս հանգրուանին, երբ Իր օրհնութեամբ եւ ձեր ընտրութեամբ կը կոչուիմ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական ծառայական այս ծանր պաշտօնին։ Կը հաւատամ ու կ՛ապաւինիմ Աստուածաշունչ խօսքին. ի քեզ, Տէ՜ր յուսացայ, մի՛ ամաչեցից յաւիտեան»։

Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ փառք տուաւ Աստուծոյ՝ ընտրութիւնը առաջնորդելուն համար, երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին ու Երեսփոխանական ժողովին իրեն հանդէպ ցուցաբերուած վստահութեան համար, եւ յիշեցնելով ժողովասրահին մէջ իր արտայայտած մտածումները, յորդորեց առաջնորդուելու սիրալիր ու համագործակցութեան ոգիով իբրեւ լծակիցներու։

Ազգ. իշխանութեանց երկու ժողովներու անդամներուն ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ նստաշրջանին վերջին նիստի ընթացքին։ Ժողովը վաւերացուց Հոգեւորականաց Համագումարին կողմէ ներկայացուած կրօնական պատգամաւորներու ցանկը, որ կþընդգրկէր հետեւեալ հոգեւոր հայրերը. Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, եւ արժանապատիւ քահանայ Հայրեր՝ Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, եւ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։

Ձեռամբարձ քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ Ազգ. Վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ ազգայինները. տեարք Վահէ Յովակիմեան, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, տիկին Ծովիկ Զէթլեան, տեարք Արա Շապանեան, Ճորճ Չորպաճեան, Պերճ Աբգարեան, Կարպիս Պէզճեան, Ճէք Հաճինեան Գեւիկ Պաղտասարեան եւ Սարգիս Թաթիկեան։

Նշենք, որ Ժողովի դիւանը տեղեակ պահեց Նորին Սրբութիւնը, որ իր կարգին յատուկ նամակով մը վաւերացուց առաջնորդի, Ազգային եւ Կրօնական ժողովներու ընտրութիւնները, իսկ նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր օրհնութիւնները փոխանցեց, մաղթելով ծառայութեան բեղմնաւոր տարիներ։

ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՒՄ

Ժողովը քննարկեց եւ վաւերացուց աշխատանքի յառաջիկայ տարուան ամավարկի (պիւտճէ) նախահաշիւը, նկատի առնելով ընդհանրապէս երկրին եւ յատկապէս գաղութիս տնտեսական վիճակը համաճարակի հետեւանքով։

Ժողովի աւարտին, տիար Սասունեան դիւանին անունով շնորհաւորեց նոր ընտրեալ Առաջնորդ Սրբազանը, նորընտիր կազմերը, շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովին եւ հրաւիրեց նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը, իր օրհնութեան խօսքը փոխանցելու։
Թորգոմ Սրբազան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդական պաշտօնավարման շրջանը աւարտող վաստակաշատ ու նուիրեալ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, առողջութիւն եւ երկար տարիներ մաղթեց՝ վեր առնելով անոր հսկայ ներդրումը Արեւմտեան Թեմէն ներս ու շեշտեց, որ ան «իմ միաբանակից մեծ եղբայրս է»։

Ապա, խօսք առաւ Մուշեղ Սրբազան, դրուատեց դիւանին աշխատանքն ու շրջանաւարտ կազմերուն վաստակը, շնորհաւորեց նոր ընտրեալ Առաջնորդն ու կազմերը, գոհունակութիւն արտայայտեց յանձնառու կեցուածքներուն համար, եւ յոյս ու վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ քայլերը պիտի իրագործուին հաւատքով, փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ անկեղծութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ կը մնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան այն հաւատարիմ զինուորը, որ 45 տարիներէ ի վեր իր ծառայութիւնը կը մատուցէ Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։ Կրկին անգամ գնահատանք արձանագրեց Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմին, շնորհակալութիւն յայտնեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան՝ ժողովիս հիւրընկալութեան համար:

Նախքան նիստի փակումը, Սրբազանը շնորհաւորեց նորընտիր Առաջնորդը, յաջողութիւն եւ կանաչաւուն ճանապարհ մաղթեց անոր նոր պատասխանատուութեան մէջ, ինչպէս նաեւ նոր ընտրուած Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական ժողովներուն՝ բեղուն գործունէութիւն։

Նստաշրջանը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Ժողովի աւարտէն ետք, ի պատիւ նորընտիր Առաջնորդին տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։

Ներկայ էին պատգամաւորներ, ժողովականներ, հոգեւորականներ, նորընտիր Ազգ. Վարչութեան ու Կրօնական ժողովներու անդամներ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Կեդրնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմը։

Սիրոյ սեղանին հանդիսավարութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Յաջորդաբար խօսք արտասանեցին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ տեարք Վահէ Եագուպեան եւ Կայծակ Զէյթլեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ շրջանաւարտ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ տիար Կարօ Էշկիեան։ Սրտաբուխ իրենց խօսքը փոխանցեցին նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Վիգէն Եագուպեան եւ Կեդրոնական Կոմիտէէն Կարօ Իսբէնճեան, որոնք շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը, իրենց բոլորանուէր աջակցութիւնը յայտնեցին եւ յաջողութիւն մաղթեցին իր նոր առաքելութեան մէջ։

Ընթրիքի աւարտին, Թորգոմ Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին մասնակցութեան ու բարեմաղթութեանց համար եւ կոչ ուղղեց միասնական ոգիով ու վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակել ծառայել ի փառս Աստուծոյ, ի պանծացումն Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ եւ ի բարգաւաճումն հայ ժողովուրդին։

Ընթրիքը վերջ գտաւ նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022