Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Բարերարուհի Տիկ. Ալիս Նաւասարկեանի Այցելութիւնը

Ուրբաթ, 2 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Ազգ. Առաջնորդարանի եւ գաղութի բարերարուհի Տիկին Ալիս Նաւասարկեանի այցելութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան։ Տիկին Ա. Նաւասարկեան սիրայօժար ստանձնած է Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառի հիւրընկալութիւնը եւ այս նպատակին համար կը նուիրաբերէ 10.000 (տասը հազար) տոլար։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ազնիւ բարերարուհիին այցելութիւնը եւ բարձր գնահատեց անոր յարատեւ զօրակցութիւնը՝ Ազգային Առաջնորդարանիս ու մեր գաղութի ծառայութիւն մատուցող միութեանց ու հաստատութեանց, նշելով, որ ամանորի յիշեալ ձեռնարկին հիւրընկալման քայլը նորագոյն արտայայտութիւն մըն է անոր սրտաբուխ նուիրաբերումներուն։

Ամանորեան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։30-ին, Brandview ճաշասրահին մէջ (111 East Harvard St., Glendale), հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։

Տոմսերու համար կարելի է դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակը, հեռաձայնելով 818-248-7737 թիւին կամ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն: Մուտքի նուէրն է $60։

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022