Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մօտ հաստատուած «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, սերտելէ ետք կրթանպաստի 2015-2016 տարեշրջանի համար դիմում ներկայացուցած մեծաթիւ ուսանողներու դիմումնագրերը, որոշեց ուսումնական ընթացիկ տարեշրջանին համար կրթանպաստ տրամադրել երեք ուսանողներու, նկատի ունենալով անոնց ձեռք բերած փայլուն արդիւնքները, գաղութային ծառայութիւններն ու ընտանեկան պայմանները։
Սրբազան Հօր կողքին, յանձախումբին մաս կը կազմեն բարերարը՝ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեան, Դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ Օր. Շաքէ Պօղարեան։
Կրթանպաստ ստացած ուսանողներն են Լանա Անդրէասեան (UC San Diego), Գէորգ Խատարեան (Albany Medical College), Մէթ Սենեքերիմեան (George Washington University):
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ուսանողներուն իրենց ուսումնական ասպարէզին մէջ։