Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, գոհունակութեամբ կը յայտնէ, թէ քննելէ ետք 2019-2020 տարեշրջանի համար կրթանպաստի դիմումնագիրները, Արմէն Տէմիրճեան (UC Berkeley) եւ Արենի Չորպաճեան (UC Berkeley), կրթանպաստի կ՛արժանանան։ Անոնք կը հետեւին գիտական մասնագիտութեանց Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ, ձեռք բերած են փայլուն արդիւնքներ եւ համայնքէն ներս ունին գործօն ծառայութիւն։
Յանձնախումբի անդամներն են կրթանպաստի բարերարուհին՝ Տիկին Թամարա Պարսամեան, Դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ Օր. Շաքէ Պօղարեան։
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ուսանողներուն իրենց ուսումնական ասպարէզին մէջ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ