Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ հաստատուած “Յարութ Պարսամեան Հիմնադրամ”ի Յանձնախումբը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, սերտելէ ետք կրթանպաստի դիմում ներկայացուցած երկու տասնեակ ուսանողներու դիմունագրերը, որոշեց ուսումնական ընթացիկ տարեշրջանին համար կրթանպաստ տրամադրել հինգ ուսանողներու, նկատի ունենալով անոնց ձեռք բերած փայլուն արդիւնքները եւ ընտանեկան պայմանները։
Սրբազան Հօր կողքին, յանձախումբին մաս կը կազմեն բարերարը՝ Փրօֆ. Յարութ Պարսամեան, Դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ Օր. Շաքէ Պօղարեան։
Կրթանպաստ ստացած ուսանողներն են՝ Ռաֆայէլ Մկրտչեան (UC Berkeley), Գէորգ Խատարեան (Albany Medical College), Լորի Մանճիկեան (UC San Diego), Լուսին Միխանճեան (UC Riverside) եւ Քրիսթինա Միթիլեան (UC Irvine):
Մեր ուսանողներուն յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց կրթական կեանքին մէջ։