«Ծառայութեան Տարուան» առիթով, ու մեր Թեմին ծառայողները գնահատելու նախաձեռնութեանց ծիրին մէջ, Արեւմտեան Թեմիս Ազգային Առաջնորդարանը Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2016ին կազմակերպած էր յատուկ ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ու անոր նուիրեալ ծառայողներու մեծ ընտանիքին, եւ ի յարգանս կնոջական այս մեծ միութեան վիթխարի ծառայութեան, որ կը մատուցուի մեր ժողովուրդին՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ ու Ջաւախք եւ սփիւռքեան գաղութներ:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ, այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ կից «Աւետիսեան» սրահին մէջ:
Հանդիսութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերացան Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանն ու Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանը։ Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ ու 250 անդամուհիներ։
Հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհին՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան. ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Ծառայութեան Տարուան» խորհուրդը եւ Ազգ. Առաջնորդարանի գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը՝ գնահատելու Թեմիս մէջ վաստակ ունեցող անհատներն ու կազմակերպութիւնները։ Ապա, հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս երգելու ՀՕՄ-ի քայլերգը, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը կարատեց սեղանի օրհնութիւնը։
Հանդիսութեան ընթացքին, ծանօթ երգիչ Գէորգ Չաքմանեան աշուղական երգերու փունջով ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծեց։
ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Վարչութեան Փոխ-Ատենապետուհին՝ Ընկհ. Այտա Պապայեան-Ալ Րայէսը, որ նշեց ՀՕՄ-ի բազմամեայ եւ բազմաբեղուն ծառայութիւնները բարեսիրական, մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ։ Ապա, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր այս ձեռնարկին համար եւ շնորհաւորեց անոր քահանայական օծման քառասուն եւ Առաջնորդութեան քսան ամեակները:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ Ընկհ. Մարալ Վարժապետեան, որ ասմունքեց Եղիշէ Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ն եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ Որդուն» բանաստեղծութիւնները։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ առաջին հերթին գնահատեց Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը՝ այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան մտայղացման եւ կազմակերպման համար, ապա, գնահատեց ՀՕՄ-ի եւ ՀՕՄ-ականներու ինքնընծայ եւ վեհ առաքելութիւնն ու անխոնջ ծառայութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան եւ ըսաւ. «Գաղտնիք չէ, որ հայութեան ու մեր հայրենիքին ծառայութեան դաշտին մէջ, ՀՕՄ-ը կը կանգնի յառաջապահի դիրքերու վրայ, ա՛յն օրէն սկսեալ, երբ հիմը դրուեցաւ կնոջական այս աշխարհատարած կազմակերպութեան, աւելի քան դար մը առաջ: ՀՕՄ-ականը սկզբնապէս յանձն առաւ օգնութեան ձեռք երկարել Ցեղասպանութենէն վերապրող ու հայրենի հող կորսնցուցած կարօտեալ հայ ընտանիքներու, նեցուկ կանգնեցաւ հայ ուսանողներու, իսկ վերջին տասնամեակներուն, իր սպեղանին տարածեց դէպի Հայաստան, Արցախ ու Ջաւախք: Եւ ի՜նչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն. այս տարի կը տօնենք Հայաստանի անկախութեան 25րդ տարեդարձը…
Մէկ խօսքով, ՀՕՄը եղած է ու կը մնայ մարմնաւորումը նոյնինքն ծառայութիւն հասկացութեան, դարձած է օրինակ ծառայութեան ու նուիրաբերումի: Իսկ ամերիկեան այս ափերուն, իրերայաջորդ Շրջանային Վարչութեանց գլխաւորութեամբ, Արեւմտեան շրջանի ՀՕՄ-ը ընկերային կարիքներ ունեցող ընտանիքներուն լայնածիր նուիրաբերում եւ ծառայութիւններ կ’ընձեռէ»:
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Օրհնութեան Եւ Գնահատանքի Գիր» շնորհեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան, որ կը հրապարակենք ստորեւ.
«Սրտի անհուն գոհունակութեամբ կ’ողջունենք Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնն ու անոր հովանիին տակ գործող բոլոր մասնաճիւղերուն անդամները՝ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ի խնդիր անոնց անձնդիր ու անսակարկ նուիրումին համար:
2016ը Ծառայութեան Տարի հռչակող իր պատգամին մէջ, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը նշէ, թէ «Ծառայութիւնը մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ յաճախակիօրէն գործածուող սովորական բառ դարձած է, ինչպէս նաեւ՝ մեր կեանքին մէջ յաճախ պարզուող բնական երեւոյթ մը: Սակայն, խորունկ նշանակութիւն ունի ծառայութիւնը: Ան մարդկային կեանքին ամէնէն բարձր արժէքներէն ու արժանիքներէն մէկն է: Ծառայութիւնը իր խոր էութեամբ հաւատքի ու նուիրումի շօշափելի արտայայտութիւն է, Աստուծոյ ու մեր նմանին հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան ու սիրոյ գործնականացումն է»: Մեկնելով Վեհափառ Հայրապետին այս բնորոշումէն, կրնանք անվերապահօրէն վկայել, որ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր կազմաւորման առաջին իսկ օրէն ու մինչեւ օրս, իր գործունէութիւնը ծաւալած է ա՛յս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, ծառայած է մեր ժողովուրդին, հայրենի հողին վրայ թէ սփիւռքի տարածքին, եւ մեր հայրենիքին՝ իր Հայաստան-Արցախ-Ջաւախք միասնութեամբ, հաւատալով, որ մեր պատմական հողերուն միացումը այս եռանկիւնին՝ բազմաթիւ նոր հորիզոններ ու անդաստաններ պիտի բանայ իր գործունէութեան դիմաց:
«Ծառայութիւնը աստուածահաճոյ գործ է եւ քրիստոնէական մեր հաւատքին էութիւնը», կ’ըսէ Վեհափառ Հայրապետը: Վերջին մէկ դարու մեր պատմութեան մէջ, ՀՕՄ-ը եղած է ու կը մնայ այն կազմակերպութիւնը, որ ծառայութիւնը դարձուցած է իր գոյութեան նպատակը: Անոր անձնուէր անդամներն ու վարչականները ժամանակ ու ճիգ զոհաբերած են, հասնելու համար տարբեր գաղութներու կարօտեալ հայ ընտանիքներուն, ուսանողին, Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի բնակիչներուն, այն խոր գիտակցութեամբ, որ ժողովուրդին ծառայել՝ կը նշանակէ ծառայել եկեղեցւոյ ու հայրենիքին:
Այս առիթով, կ’ուզենք վերահաստատել մեր համոզումը, որ որեւէ կազմակերպութեան աճն ու յաջողութիւնը պայմանաւորուած են իր անդամներուն նուիրումով եւ իր առաքելութեան կարեւորութեամբ: ՀՕՄ-ը աւելի քան դարէ մը ի վեր, տարուէ տարի բազմապատկած է իր անդամներուն թիւը, ընդարձակած՝ գործունէութեան դաշտերը, գործնական փաստն ու վկայութիւնը տալով, որ «Ժողովուրդէն, ժողովուրդին համար» բնաբանով առաջնորդուող անոր առաքելութիւնը յաջող ընթացքի մէջ է:
Թող օրհնեալ ըլլան ՀՕՄ-ի բոլոր ծառայողները: Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ վարձահատոյց ըլլայ բոլոր նուիրեալներուն եւ ՀՕՄ-ի ժողովրդանուէր ու հայրենաշէն գործը պահէ Իր Ս. Աջին հովանիին տակ:»
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» օրհներգի եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ։
Ներկաները ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամներէն փունջ մը պարունակող «A Collection of Spiritual Reflections» հատորէն օրինակներ եւ այս օրուան համար յատուկ պատրաստուած էջադիրներ։