Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Աւանդական Ճաշկերոյթ-Տօնավաճառը


Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016ի կէսօրին, տեղի ունեցաւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, «Brandview» ճաշասրահին մէջ, Կլենտէյլ, հիւրընկալութեամբ բարերարուհի Տիկին Գոհար Սիւլահեանի։

Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Ներկայ էին մեծ թիւով տօնախմբողներ:

Կաղանդ Պապուկը մասնակիցները դիմաւորեց զանգակով եւ խնդութեամբ: Բացման խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի փոխ-ատենապետուհին՝ Տիկին Վարդուկ Աւետիքեան։ Ան Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդով լի բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա, հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ աղօթքով կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը եւ փոխանցելու իր բարեմաղթութիւնները:

Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը նախ ողջունեց ներկաները, գնահատեց բոլորին ներկայութիւնն ու զօրակցութիւնը, նաեւ յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալին՝ Տիկին Սիւլահեանին, իր առատաձեռն նուիրատուութեան համար, ապա արտասանեց իր սրտի խօսքը, նշելով, որ տօնական օրերու խանդավառութիւնն ու Փրկիչին ծննդեան աւետիսի բերկրանքը արդէն իսկ պարուրած են բոլորիս հոգիները։ Ան գոհութեամբ եւ հոգեկան ցնծութեամբ ողջունեց ներկաները, բարերարները, կազմակերպութեանց եւ եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց ներկայացուցիչները, ապա, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին մասին, որ յար եւ նման նախաձեռնութիւններով միշտ ալ հաճելի մթնոլորտի մէջ օգտակար գործ կը կատարէ: Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուց Մարմինին նոր անդամները՝ Տիկնայք Վանիա Պապիկեանը, Սօսի Կէօքկէօզեանն ու Մարալ Քիլէճեան, նշելով, որ երիտասարդ նոր ուժերու միացումով, Մարմինը նոր կենսունակութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

Ապա, անդրադառնալով Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդին, շեշտեց, որ մեր լեզուին մէջ «բարի» բառը զուգորդուած է բոլոր տեսակի մաղթանքներու հետ։ «Բարի մաղթանքը իր մէջ ունի Աստուծոյ օրհնութիւնը, բարի արտայայտութիւնը իր մէջ ունի Աստուծոյ ստեղծագործութեան լոյսը, Աստուծոյ սէրը, ուստի, աղօթքով, յոյսով եւ սիրով հոգեպէս պատրաստուինք Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն, մաքրելով մեր ներաշխարհը եւ վանելով յոռի բարքերն ու երեւոյթները», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Մէջբերելով բանաստեղծին խօսքերը, Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ Նոր Տարուան հետ, թող բացուին աշխարհի փակ դռները, թող Նոր Տարին խնդութեամբ մտնէ ամէն տուն, թող բոլոր սրտերը դառնան բարի ու ներող, ուրախանան ուրիշի խանդավառութիւնը տեսնելով, ու եթէ կան պանդուխտներ՝ թող վերադառնան տուն: Վերջապէս, ան խաղաղութիւն մաղթեց աշխարհին, ապահովութեան ու բնականոն կեանքի պայմաններու վերահաստատում՝ Սուրիոյ ու այդ երկիր մեր հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ուժ եւ կարողութիւն՝ Արցախի ու Հայաստանի մեր պաշտպան բանակին ու զանոնք հովանաւորող պետական կառոյցներուն:

Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս գնահատեց Տ. Օ. Մարմինի ժրաջան անդամները՝ նմանօրինակ ձեռնարկներու յաջող իրականացման համար, ողջունեց ու գնահատանքով արտայայտուեցաւ ներկաներուն մասին, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ նուիրաբերումներով քաջալեր կը կանգնին կազմակերպիչ մարմինին ու Ազգ. Առաջնորդարանին:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ տօնական երգեր մատուցող խումբ մը, որ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան երգերով (Christmas Carols) տօնական հաճելի մթնոլորտ ստեղծեց։ Երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ ծանօթ երգիչ Գօգօ Հայիթեան։

Ձեռնարկի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի յուշատախտակով, իսկ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամները ծաղկեփունջով պատուեցին հիւրընկալը՝ Տիկին Գոհար Սիւլահեանը։

Ներկաները, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու ցնծութեամբ եւ խանդավառութեամբ համակուած, կատարեցին գնումներ՝ հաճելին միացնելով օգտակարին: Կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատութիւններ: Հիւրընկալը նուիրեց 10,000 տոլար, այլ ներկաներ նուիրաբերեցին պատկառելի գումարներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022