Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առիթով Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան Դասախօսութիւն-Ճաշկերոյթ

Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին ստեղծած բարի աաւանդութիւններէն մէկն ալ այն է, որ պարբերական ճաշկերոյթի հանդիպումները կը լիցքաւորուին նաեւ հոգեկան ու մշակութային սնունդով. ճաշի սեղաններու շուրջ բոլորուած՝ հիւր եւ հիւրընկալ կը վայելեն օգտակար դասախօսութիւններ ու մշակութային գեղեցիկ յայտագիրներով կ’ապրին վայելքի պահեր։

Այս ճշմարտութեան նորագոյն վկայութիւնը արձանագրուեցաւ Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2017-ին, երբ հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կազմակերպեց ճաշկերոյթ-դասախօսութիւն մը, ներկայացնելու համար «Առաջին Երգարանս» գրքոյկը. դասախօսն էր երգարանին հեղինակը՝ UCLA-ի «Herb Alpert» երաժշտական դպրոցի անդամ Դոկտ. Քարէն Չթճեան-Փրեսթին։ Հաճելի անակնկալ մը եղաւ նաեւ պոլսահայ ծանօթ երգչուհի Սիպիլի ներկայութիւնը, որ նոյն կէսօրին այցի եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Թերէզ Քեմանճեան, Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Լիւսի Չուխաճեան, մեր եկեղեցիներու տիկնանց միութիւններու եւ հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, Ազգ.
buy clomiphene online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/clomiphene.html no prescription

Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանէն խումբ մը ծնողներ։

Հանդիսավարն էր հիւրընկալ մարմինի անդամներէն Տիկին Վանիա Պապիկեան, որ նախ եւ առաջ ողջունեց ներկաները, նշեց, որ այս ձեռնարկը կը զուգադիպի Հայ Մշակոյթի ամսուան՝ Հոկտեմբերին, վեր առաւ երգին ու երաժշտութեան դերը՝ մարդոց ներաշխարհի արտայայտութեան իմաստով, նաեւ երգին վերապահուած դաստիարակչական դերը՝ մանուկներու կեանքին մէջ։ Ան ներկայացուց օրուան դասախօսը, որ երգի ու երաժշտութեան այս գիծը ընտրած է իբրեւ ազնիւ մարտահրաւէր ու ասպարէզ, նպատակ ունենալով հայ մանուկին շուրթերէն հնչեցնել հայերէնը։ Դոկտ. Չըթճեան դաշնակահարուհի է, UCLA-ի մէջ կը դասաւանդէ երաժշտութիւն եւ հայ երաժշտութեան պատմութիւն. շրջանաւարտ եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի եւ USC համալսարաններէն, 6 տարի ապրած է Գերմանիա եւ դասաւանդած է միջազգային երաժշտանոցի մը մէջ։ Մանուկներուն հանդէպ ամուր սէրն ու զանոնք հայ երգի հուրով վարակելու նախանձախնդրութիւնը զինք առաջնորդած է պատրաստելու «Առաջին երգարանս», որ կը բովանդակէ հայերէն եւ օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանուած երգերու փունջ մը։ Ապա՝ հրաւիրեց դասախօսը՝ ներկայացնելու իր աշխատանքը։

Ազնիւ դասախօսը յայտնեց, որ ինք շրջանաւրտ է Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանէն, հայերէնի ու երգի հանդէպ սէրը իր մէջ ծաղկած է ծնողներուն եւ դաստիարակ ուսուցիչներուն շնորհիւ։ Գրեթէ անթերի հայերէնով մը, ան յայտնեց, թէ անձնական եւ մասնագիտական փորձառութիւններ զինք առաջնորդած են պատրաստելու այս երգարանը, որպէսզի հայ մայրեր եւ դաստիարակներ յարմար «գործիք» մը ունենան։ Ան անդրադարձաւ մասնաւորաբար արեւմտահայերէնին ուղղուած սպառնալիքներուն եւ շեշտեց, որ արտերկրի մէջ հասակ առնող մանուկն ու պատանին մտահոգութիւն չեն առթեր, թէ թերի պիտի մնան անգլերէնի կամ այլ տեղական լեզուներու իմացութեան մէջ, սակայն հայուն համար սա հարց է, ՄԱԿը արեւմտահայերէնը դասած է վտանգուած լեզուներու շարքին, հետեւաբար, անհրաժեշտ է տարբեր ու հաճելի միջոցներով մայրենին ներարկել հայ մանուկին ու պատանիին։

Հմուտ դասախօսը մասնագիտական բացատրութիւններով, սահիկներով եւ անձամբ երգելով, նուագելով ու համապատասխան շարժումներով բացատրեց, թէ ինչպիսի դեր ունին երգն ու ընդհանրապէս հնչումով արտայայտութիւնները՝ ոեւէ ժողովուրդի լեզուի իմացումին մէջ։ Ան կարեւորութեամբ վեր առաւ այն ճշմարտութիւնը, որ մէկէ աւելի լեզուներ իմացողը կը զարգացնէ աւելի լայն իմացականութիւն, աւելի՛ դիւրութեամբ կը սորվի քերականութիւն ու լեզուական այլ օրէնքներ։ Այս գիտակցութեամբ ալ, երգը տպաւորիչ եւ ազդու միջոց մըն է ոչ միայն հաճելի կերպով ուսուցանելու, այլ նաեւ՝ լեզուի վարժութեան, որովհետեւ գիտականօրէն ապացուցուած է որ օտար լեզուի մը անծանօթ անհատը կրնայ երգի միջոցով հաղորդակից դառնալ ու սորվիլ լեզուն։ Վերջապէս, այն նշեց, որ բոլոր մշակոյթներու զաւակներուն կեանքին մէջ, երգը հիմնական դեր ունի դաստիարակչական գործին մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը։

Ճաշի դադարէն ետք, յայտագիրը շարունակուեցաւ գեղարուեստական էջերով։ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանէն աշակերտներ խումբ առ խումբ ներկայացուցին երգ ու ասմունք, նաեւ դաշնակի վրայ երաժշտական մատուցում։ Առաջին խումբը երգեց Վահան Թէքեանի «Եկեղեցին Հայկական»ի առաջին տունը, ապա շարունակեց ասմունքով, երկրորդ խումբը ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու Պարը», Էրիք Մարգարեան արտասանեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն «Ղօղանջ Եղեռնական»ը, վերջապէս, Ալիք Խաչերեան դաշնակի վրայ նուագեց Շօփէնէն վալս մը։

Գեղարուեստական յայտագիրը յաւելեալ ծաղկում ունեցաւ շնորհիւ Սիպիլի, որ մատուցեց «Նամակներ» երգը։ Հանդիսավարուհին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն՝ այս ու նման ձեռնարկներու ներկայութեան համար, ու հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի ուղղէ իր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը։

Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս ձեռնարկը տեղի կ’ունենայ Հայ Մշակոյթի ամսուան առիթով, մաս կը կազմէ մեր մշակութային ձեռնարկներու շարքին, ու յիշեցուց, որ նոյն սրահին մէջ, շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած էր գեղանկարչական ցուցահանդէս մը, իսկ շաբաթավերջին, նշած էինք Ս. Թարգմանչաց տօնը, յիշելով այն վաստակն ու աւանդը, զոր կերտած են մեր Ոսկեդարն ու Արծաթեայ դարը կերտող սրբազան հայրերը եւ որոնց տեսիլքը ահաւասիկ դարերէ ի վեր կենսունակ կը պահէ հայ ժողովուրդը։

Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ գնահատանքով արտայայտուեցաւ դասախօսին մասին, որուն հայերէնով մատուցումը գործնական երախտիք է զինք կերտած հայ վարժարանին եւ ապացոյց՝ որ հայ դպրոցին այսպիսի ներգործութեանց շնորհիւ, մեր լեզուի գոյատեւման մասին մտահոգութիւնները մեծապէս կը փարատին։ Ան շեշտեց, որ ազնիւ դասախօսը գործնական պատգամներ ունի թէ՛ դեռատի մանուկներուն ու պատանիներուն, թէ՛ մայրերուն ու երէց սերունդին, որպէսզի Հայ Երգը օգտագործեն իբրեւ մայրենիի պահպանման միջոց։ Ան յիշեցուց, որ Սիամանթօ իր մէկ բանաստեղծութեան մէջ կ’ըսէ. «Ես երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ», իսկ մենք, նման ապացոյցներ տեսնելով, կրնանք վստահօրէն ըսել, թէ կ’ուզենք երգելով ապրիլ եւ յաւերժանալ։ Մեր լեզուին մասին մտահոգութիւններ ունեցած ենք Խաչատուր Աբովեանի օրերէն ի վեր, որ պատգամած է ամուր պահել հաւատքն ու լեզուն, երաշխաւորելու համար ազգի գոյատեւումը։ Վերջապէս, ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ հիւր երգչուհիին մասին, որուն ներկայութիւնը պատուաբեր եղաւ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց գնահատանք արձանագրելով Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, որ նման որակաւոր ձեռնարկներ կը կազմակերպէ ու կենսունակութեամբ կը գործէ Ազգ. Առաջնորդարանի ու ժողովականութեան հովանիին տակ, անոր լծակից ու գործակից են մեր բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները։

Առաջնորդ Սրբազանը անակնկալ մը վերապահած էր. ան հրաւիրեց Դոկտ. Քարէն Չըթճեանի մանուկ դուստրը, որ մօրմէն սորված երգ մը երգէ. աղջնակը աղուոր առոգանութեամբ ու մանկական անուշ ձայնով ընդառաջեց Առաջնորդ Սրբազանի հրաւէրին, արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին։ Առաջնորդ Սրբազանը նկատեց, որ դասախօսը այսպէսով գործնական վկայութիւն մը կու տայ իր առաքելութեան մասին։

Հանդիսավարը հրաւիրեց Սիպիլը, որուն «Կիլիկա»ի երգեցողութեան ձայնակցեցան ներկաները։ Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով։ Ներկաները անձամբ իրենց գնահատանքը փոխանցեցին դասախօսին ու երգչուհիին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նախապէս արժանացած էր բուռն ծափահարութիւններու։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022