Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Brandview Ballroom ճաշասրահէն ներս, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարուհի՝ Տիկին Գոհար Սիւլահեանի։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Շուրջ 250 ներկաներու կողքին ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան Ատենադպրուհի Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ու մասնաճիւղերու անդամուհիներ, Թեմիս եկեղեցիներու Տիկնանց Միութիւններու անդամուհիներ, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ։
Բացման խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամուհի Տիկին Սօսի Կէօքկէօզեան։ Ան ողջունեց ներկաները ու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց։
Նախքան սեղաններու օրհնութիւնը, Առաջնորդ Սրբազանը ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամ՝ երկարամեայ վաստակ ունեցող հանգուցեալ Հուրիկ Ապտուլեանի։ Ապա, իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն, ան նախ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ 2020 տարեթիւի սեմին անգամ մը եւս առիթը ընծայեց ներկայ գտնուելու եւ համախմբուելու Տիկնանց Օժանդակութեան Մարմինի կազմակերպած ճաշկերոյթին։ «Նոր Տարին առիթ է վառ յոյսերու, բարին կամենալու, բարին մտածելու, բարին խօսելու եւ բարիք գործելու», նշեց ան։
Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ իւրաքանչիւր ընտանիքի օճախէն ներս բարութիւնը տիրական ներկայութիւն դառնայ, երջանկութիւնը՝ մեր մտածումներուն ու գործունէութեան զսպանակիչ ուժը, իսկ մեր օճախներէն ներս թագաւորողը ո՛չ թէ մարդկային մեր կամքը պէտք է ըլլայ, այլ՝ Աստուծոյ։ Ապա մաղթեց, որ 2020 տարին ըլլայ խաղաղութեան տարի մը թէ՛ մեր ընտանիքներէն, թէ՛ մեր գործունէութեան եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքէն ներս։ Բարեմաղթանքներ յայտնեց Հայաստանի եւ Արցախի պետութեանց ու ժողովուրդին բարգաւաճման ու բարօրութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմէն ներս գործող բոլո՛ր կազմակերպութեանց եւ մարմիններուն մաղթեց լուսաւոր եւ դալար ճանապարհ։
Ճաշի ընթացքին, ներկաները վայելեցին գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը, կատարողութեամբ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանէն խումբ մը աշակերտներու, որոնք ներկայացուցին Ս. Ծննդեան երգեր, մինչ կաղանդ պապան առաւել եւս ջերմացուց տօնական մթնոլորտը։ Երգչուհի Տիկին Ռիմա Կարապետեան եւս իր դիւթիչ ձայնով ներկայացուց փունջ մը երգեր։
Հանդիսավարուհին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր ներկաներուն ու նուիրատուներուն եւ յատկապէս օրուան հիւրընկալ՝ Տիկին Գոհար Սիւլահեանին, որ մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի Ազգային Առաջնորդարանին։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տիկին Գոհարի եւ Սիւլահեան ընտանիքին մասին, որոնք երկարամեայ մնայուն զօրակից նուիրաբերողներն են Ազգային Առաջնորդարանին եւ գնահատանքի յուշատախտակով պատուեց օրուան հիւրընկալը, որ իր առատաձեռն նուիրատուութեամբ դարձեալ ստանձնած էր ճաշկերոյթի հիւրընկալութիւնը, իսկ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը այս առթիւ ծաղկեփունջ մը նուիրեց։
Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ, կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նկատառելի նուիրատուութիւններ։
Յայտնենք, որ սրահին շուրջ զետեղուած էին կրպակներ, ուր կը վաճառուէին տօնական օրերու յատուկ նուէրներ։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ՝ տօնական բացառիկ մթնոլորտ շնորհելով բոլոր ներկաներուն։