Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Հինգշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ-դասախօսութիւն մը։ Դասախօսն է Դոկտ. Վերժին Մատէնլեան, որ պիտի ներկայացնէ ոսկրածուծի բջիջներու փոխ-պատուաստում – Bone Marrow Stem Cell Transplantation – նիւթը։
Ձեր տեղերը ապահովելու համար հեռաձայնել Ազգային Առաջնորդարան, 818-248-7737 թիւին կամ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն։ Մուտքի նուէրն է $20։