Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնան Օժանդակ Մարմինի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ճաշկերոյթ-Տօնավաճառը

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը այս տարի եւս, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, կազմակերպած էր իր աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2018-ի կէսօրին, Brandview Ballroom ճաշասրահին մէջ։

Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Հիւրընկալն էր Ազգային Առաջնորդարանի ու գաղութի բարերարուհիներէն Տիկին Ալիս Նաւասարկեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Ներկայ էին բարերարուհիներ, ՀՕՄ-ի Շրջանային ու մասնաճիւղերու, եկեղեցիներու Տիկնանց Միութիւններու անդամներ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակից տիկիններ։

Մշակուած էր կոկիկ յայտագիր մը, որ հաճելին միացուց օգտակարին, ինչպէս որ կ’ըլլան Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին նմանօրինակ ձեռնարկները։

Հանդիսավարութիւնը կատարեց կազմակերպիչ մարմինի անդամներէն Տիկին Սօսի Կէօքկէօզեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք, անդրադարձաւ աւանդական դարձած այս ձեռնարկին նպատակներուն եւ բարեմաղթութիւններ ուղղեց ներկաներուն։ Ապա՝ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ան նշեց, որ այս օրուան ուրախութեան պատճառը, աղբիւրը եւ սկիզբը Աստուած ինքն է, եւ պատրաստ պէտք է ըլլանք վերանորոգելու մեր հաւատքի ուխտը ու միշտ փառք տալու Իր բոլոր բարիքներուն եւ շնորհքներուն համար, ինչպէս հրեշտակները աւետեցին Յիսուսի ծննդեան պահուն «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ»։ Աստուած Իր սէր խաղաղութիւնը պարգեւեց մեզի, հետեւաբար մենք բոլորս պիտի ցանկանք որ աշխարհի վրայ խաղաղութիւն ըլլայ, մեր ընտանիքներուն մէջ համերաշխութիւն եւ մեր ազգային ու եկեղեցական կեանքին մէջ անկեղծութիւն եւ պարկեշտութիւն ըլլայ, ինչպէս որ հրեշտակները մաղթեցին «եւ յերկիր խաղաղութիւն»։ Նաեւ՝ «ի մարդիկ հաճութիւն» ցանկալով, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց թէ մարդոց միջեւ սէրը, համերաշխութիւնը եւ հաճութիւնը կենսական են, եւ այդ մէկը կ’իրագործուի երբ ամէնէն բարձրը զԱստուած տեսնենք, որովհետեւ որքան մեր եսերը մեծնան այնքան չենք տեսներ ինչ որ Աստուծոյ փառքն է, հրաշքն ու շնորհքն է, որ մեզի կ’ընծայէ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն։ Առաջնորդ Սրբազանը եզրափակեց մաղթելով որ 2019 ըլլայ զԱստուած փառաբանելու, խաղաղութեան, համերաշխութեան ու գործակցութեան եւ փափաքներու իրականացման տարի մը, որ միասնաբար կարենանք նոր բարձունքներու եւ վերելքի հասնիլ։ Ան գնահատեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամները, ողջունեց բոլոր բարերարները եւ հիւրերը եւ յատուկ կերպով գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալին։

Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած երգեր, ցնծութեան մթնոլորտ մը տարածելով սրահին մէջ։

Տիկին Կէօքկէօզեան ողջոյնի ու շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց ձեռնարկի հիւրընկալին իր 10.000 տոլարի նուիրատուութեան համար, ու հակիրճ կերպով խօսեցաւ անոր բազմահանգրուան բարերարութիւններուն մասին, որոնք տարածուած են Ազգային Առաջնորդարանէն մինչեւ հայկական միութիւններ ու կազմակերպութիւններ, ապա զայն բեմ հրաւիրեց, որպէսզի Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ ստանայ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին յուշանուէրը։

Մեծարեալ բարերարուհին արտասանեց շնորհակալութեան խօսք։

Գեղարուեստական բաժինին մասնակցութիւն բերաւ ծանօթ երգիչ Գէորգ Հաճեան, որ, Հայաստանէն հրաւիրուած էր, մասնակից ըլլալու համար Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբերի մեր Թեմի 45-ամեակի համերգին ու հանդիսութեան։ Յայտնենք նաեւ, որ Կաղանդ Պապուկը չէր մոռցած տօնախմբողները եւ անոնց բերած էր խորհրդանշական նուէրներ։

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ տօնական յատուկ նուէրներու վաճառք, որուն հասոյթը կը տրամադրուի բարի նպատակներու։ Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ, արձանագրուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022