Մեր ժողովուրդի զաւակներու ազնիւ ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել, թէ հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, հոգեւոր լսարան մը կը հաստատուի Կլենտէյլի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, կնքուած՝ 10-րդ դարու հայ նշանաւոր աստուածաբան Ս․ Գրիգոր Նարեկացիի անունով։
«ՆԱՐԵԿԱՑԻ» հոգեւոր լսարանին նպատակն է մեր եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագներուն եւ դպիրներուն, կրօնի եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներուն, հետաքրքրուողներուն եւ ընդհանրապէս երիտասարդներուն աւելի մօտէն ծանօթացնել մեր Եկեղեցին՝ իր պատմութեամբ, աստուածաբանութեամբ, ծէսով ու մշակոյթով, նաեւ քրիստոնէական վարդապետութիւնը՝ Աստուածաշունչի եւ Եկեղեցւոյ հայրերու գրականութեան ընդմէջէն։
Դասընթացքը պիտի տեւէ մէկ տարի։ Առաջին հերթին, ամրան երեք ամիսներու դասաւանդութիւնները պիտի սկսին Ուրբաթ, 6 Յուլիս 2018ին, երեկոյեան ժամը 7-9, Կլենտէյլի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, եւ այնուհետեւ պիտի շարունակուին ամէն Ուրբաթ, նոյն ժամուն, նոյն վայրին մէջ։
Առաջին երեք ամիսները պիտի ընդգրկեն հետեւալ երկու նիւթերը․-
Ա) ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Բ) ՇԱՐԱԿԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Նիւթերը պիտի ներկայացնէ լսարանի վարիչ՝ Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։
Յայտնենք․-
*Դասընթացքներու մասնակցութիւնը անվճար է։
*Իւրաքանչիւր եռամսեայի աւարտին, մասնակիցները նիւթին առընչուող գրաւոր կամ բանաւոր քննութիւն պիտի ներկայացնեն, իսկ տարուան աւարտին պիտի ստանան համապատասխան վկայագիր։
Արձանագրուելու կամ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար ներկայանալ կամ հեռաձայնել Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ գրասենեակը, (818-244-2402, 500 S. Central Ave., Glendale)։ Կարելի է կապ պահել նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին հետ, հեռաձայնելով 818-248-7737 թիւին, կամ՝ ել-նամակի հետեւեալ հասցէով.- christianeducation@westernprelacy.org.
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ