Ազգ. Առաջնորդարանը Կը Սգայ Ազգային Բարերար Լէրի Պարնզի Կորուստը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հոգեւորականաց Դասը, Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնն ու Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը կը սգան կորուստը ազգային բարերար Լէրի Պարնզի, որ աչքերը առյաւէտ փակեց Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2015ին։

Լէրի Պարնզ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարն է։ Ի յիշատակ իր հանգուցեալ տիկնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, ան մէկէ աւելի հանգրուաններով իշխանական նուիրատուութիւններ կատարեց եկեղեցւոյ, դառնալով ո՛չ միայն բարերար, այլ նաեւ եկեղեցւոյ ծրագիրին մարմնաւորման մղիչ ուժը։ Ան այս բարերարութիւնը կատարեց՝ յաւերժացնելու համար յիշատակը իր տիկնոջ ընտանեկան հարազատներուն, որոնք վանեցի էին եւ մեծ մասամբ զոհ գացած էին Ցեղասպանութեան։ Այսպէսով, Ս. Կարապետ Եկեղեցին իբրեւ յուշակոթող կը կանգնի նաեւ հայութեան նահատակներուն։

Գնահատելով ազնիւ բարերարին նուիրումն ու բարեսիրական ոգին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2010ին անոր շնորհեց «Կիլիկեան Ասպետի» շքանշանը: Շքանշանին յանձնումը կատարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանը:

Լէրի Պարնզ գործեց լուսարձակներէ հեռու, ինչպէս կը թելադրէ քրիստոնէական մեր հաւատքը։ Անոր յիշատակը անմար պիտի մնայ Լաս Վեկասի ու Արեւմտեան մեր թեմի հաւատացեալներուն սիրտերուն մէջ։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 25 Յուլիս, կէսօրէ առաջ ժամը 10ին, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022