Խոր ցաւով կը գուժենք մահը Թեմիս Ազգային Վարչութեան անդամ Վահրիճ Փիլաւճեանի, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2015-ի վաղ առաւօտեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։ Հանգուցեալը երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած է Թեմիս Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ իբրեւ երեսփոխան եւ Ազգային Ֆերահեան վարժարանի Ուսումնական Մարմնի ու Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի անդամ։ Ան զաւակն է Ազգային Առաջնորդարանիս գլխաւոր բարերարներէն Փիլաւճեան ընտանիքին։
Այս տխուր առթիւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը, Թեմիս ծխական շրջանները, Ազգային Վարժարաններուն Խնամակալ Մարմինը, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինն ու Ազգային Առաջնորդարանի յանձնախումբերն ու պաշտօնէութիւնը, խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ տիկին Սօսիին, զաւակներուն՝ Հայկին եւ Հրակին, մօր՝ տիկին Աշխէնին, եղբօր՝ Բեգլարին եւ ընտանիքին, եւ բոլոր հարազատներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ