Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը ողջ հայութեան հետ կը սգայ կորուստը ազգային բարերար Գըրք Գրգորեանի, որ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2015ին, 98 տարեկանին:
Համեստ ընտանիքի զաւակ՝ Գըրք Գրգորեան իր աշխատանքով դարձաւ ճարտարարուեստի մարզի հսկայ մը եւ հռչակ կերտեց իբրեւ Լաս Վեկասի եւ ինքնաշարժի աշխարհի հսկայ մը: Անոր ձեռք բերած յաջողութիւններն ու բարօրութիւնը պատճառ չեղան, որ կորսնցնէ կեանքի իսկական արժէքներու գիտակցութիւնը, այլ յանձնառու դարձաւ կարիքաւորներու կեանքի պայմանները բարելաւելու քրիստոնէական առաքինութեան, որուն համար բարեսիրական հաստատութեանց նուիրաբերեց բազմամիլիառ տոլարի գումարներ, եղաւ իսկական բարերար: Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ ան երբեք չմոռցաւ իր արմատներն ու ժառանգութիւնը:
Տասնամեակներ շարունակ, հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, ներառեալ մեր Թեմի Ազգային վարժարաններն ու Լաս Վեկասի մեր համայնքը, երախտապարտութեամբ վայելեցին Գըրք Գրգորեանի առատաձեռն նուիրաբերումները: “Գըրք Գրգորեան անունը հոմանիշ եղած է ամերիկեան երազանքին. ժրաջան եւ անդուլ աշխատանքով ու հետեւողականութեամբ, ան արձանագրեց մեծ յաջողութիւններ: Ամէնէն օրինակելի ապացոյցը այն է, որ հակառակ իր ձեռք բերած մեծ հարստութեան, մնաց համեստ ու պահպանեց նուիրաբերող ոգին, եւ իր վաստակը օգտագործեց բարեսիրական նպատակներու համար: Լինսի հիմնարկին ճամբով իր կատարած բարերարութիւնները մեծ նպաստ բերին Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանիս հովանիին տակ գործող Ազգային Վարժարաններու վերելքին: Երախտապարտ պիտի մնանք իրեն: Անոր մահը մեծ կորուստ է իր ընտանիքին ու մեր ազգին համար”, ըսաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, խօսելով հանգուցեալ բարերարին մասին:
Այս տխուր առիթով, Ազգային Առաջնորդարանի ընտանիքը ցաւակցութիւն կը յայտնէ մեծանուն հայուն դուստրերուն՝ Լինտային եւ Թրէյսիին, ընտանեկան հարազատներուն, բարեկամներուն ու բոլոր սիրելիներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: