Ուրբաթ, 6 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի «Նարեկացի» Հոգեւոր Լսարանի առաջին հանդիպումը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութկեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ծրագիրը կ’իրականացնէ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ներկայ էին շուրջ 45 պատանիներ, երիտասարդներ եւ չափահասներ։
Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ողջունեց ներկաները։ Առաջնորդական փոխանորդը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես մասնակիցներու բազմութեան, որոնք եկած էին զարգացնելու համար իրենց եկեղեցական գիտելիքները եւ ներկայացուց ծրագիրը։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց մասնակիցները եւ իր գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդական փոխանորդին այս դասընթացքներուն համար։
Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, այս ծրագիրը պիտի երկարի մէկ տարուան վրայ. դասախօսութիւնները տեղի պիտի ունենայ ամէն Ուրբաթ երեկոյ, նոյն վայրին մէջ, ժամը 7էն 9։ (3 եւ 10 Օգոստոսին հանդիպումներ տեղի պիտի չունենան)։ Առաջին երեք ամիսներուն, պիտի դասաւանդունին մեր եկեղեցւոյ պատմութեան եւ շարականներուն մասին նիւթեր։ Դասախօսութիւնները բաց են բոլոր տարիքի փափաքողներուն համար, որոնց մասնակցութիւնը արժանի է քաջալերանքի։