Արեւմտեան Թեմիս Ազգային Առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ, այս շաբաթ լոյս տեսաւ վաստակաշատ ու տաղանդաւոր բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն հատորը, որ կը կրէ “Գոյնզգոյն…” խորագիրը: Այս հատորը մաս կը կազմէ Տարեցներու Տարուան նուիրուած հրատարակութիւններուն շարքին: Բանաստեղծին գրութիւններու շարքն ալ կը սկսի Սփիւռքահայութեան տարեցներուն նուիրուած յարգանքի խօսքով մը:
Հատորին բովանդակութիւնը կ’արտացոլայ խորագիրին մէջ: 192 էջերու վրայ տարածուող հատորը կը բացուի Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքով, որ կը կրէ “Նոր Օղակ մը՝ Գունագեղ Շղթային վրայ” խորագիրը: “Գոյնզգոյն…” խորագրեալ սոյն հատորին լոյս ընծայումը՝ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանիս կողմէ, նոր երանգով օղակ մը կ’աւելցնէ բանաստեղծ-մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի հետ մեր մշակութակերտ գործակցութեան գունազարդ շղթային վրայ”, կը գրէ Առաջնորդ Սրբազանը, ակնարկելով այն իրողութեան, որ Ազգ. Առաջնորդարանը անցեալին եւս, բանաստեղծին հետ գործակցաբար լոյս ընծայած է մէկէ աւելի հատորներ։ Ան կը նշէ, որ այս հատորը մնայուն արձագանգ է Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, որ 2014 տարին նուիրած է Հայ Տարեցներուն։ “Այս հատորին հրատարակութեան առիթով, կ’օրհնենք ալեհեր բանաստեղծին վաստակը, ի սրտէ կ’ողջունենք Հայ Գիրին նուիրեալ մշտարթուն պահակը, որ իւրայատուկ պատուանդան մը կերտած է մեր ժամանակակից մշակոյթի անդաստանին մէջ, մի՛շտ պահելով իր խանդն ու կորովը, գրիչի թարմութիւնը, եւ անխոնջ նուիրումը՝ աստուածահաճոյ գործի դաշտերուն”, կը գրէ ան։
Մուտքի յիշեալ բաժիններէն ետք, հատորը ունի երկու գլխաւոր բաժին: Առաջին բաժինը կ’ընդգրկէ 26 գրութիւն, որոնք ունին յուշագրական, պատմուածքային, խոհական եւ հոգեւոր արտայայտութիւններու բնոյթ ու խորք: Երկրորդ բաժինը չորս գլուխներու վրայ տարածուող ամբողջութիւն մըն է, որուն խորագիրը՝ “Մեղաւորի մը Հոգեվէպը” ըստ բաւականին լոյս կը սփռէ բովանդակութեան մասին: Գեղարուեստական մշակում մըն է, թէ բանաստեղծը ինչպէս, երիտասարդութեան սկզբնական շրջանին ինկած է տուայտանքներու մէջ, ապա հասած է հոգեկան վերածնունդի ու կերտած է նոր կեանք:
Հատորին մէջ տիրապետող է Բանաստեղծը, յատկանիշ՝ որ կը գունազարդէ ոչ միայն այս հատորը, այլ ծերունազարդ բայց մի՛շտ երիտասարդ բանաստեղծին գրական ամբողջ վաստակը, որ սկիզբ առած է 1930ական տարիներուն (բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը լոյս ընծայած է 1938ին), եւ նոյն աշխուժութեամբ կը շարունակէ իր երթը: