Ազգային Առաջնորդարանը այսու կը յայտնէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ լոյս ընծայած է «Արարողութիւն Սրբոյ Պատարագի» եւ «Աստուծոյ Խօսքը» գրքոյկները, մեկենասութեամբ Տէր եւ Տիկին Րաֆֆի եւ Սիւզի Օհանեան ամոլին ու իրենց զաւակներուն՝ Արամ եւ Շանթ Օհանեան եղբայրներուն։
«Աստուծոյ Խօսքը» գրքոյկը մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն եւ հայրապետներուն կողմէ գրուած աղօթքներու երկլեզու ծաղկաքաղ մըն է, պատրաստուած Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան կողմէ, իսկ «Արարողութիւն Սրբոյ Պատարագի» գրքոյկը՝ ի գործածութիւն մեր եկեղեցիներու դպիրներուն եւ սարկաւագներուն։
Ստանալու համար կարելի է դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Թեմիս եկեղեցիներուն գրասենեակները: