Ուրախ ենք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Ազգային Առաջնորդարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Ծիսարան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ» հատորը։
«Ծիսարան»ը վերահրատարակութիւն մըն է այն հատորին, որ մեր Թեմի հոգեւորականներու գործածութեան համար լոյս տեսած էր 1997-ին։ Բովանդակութիւնը գրաբարով, աշխարհաբարով ու անգլերէնի թարգմանութեամբ է, որպէսզի գործածողը լաւագոյնս օգտուի անկէ։ Յառաջաբանին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան կը նշէ, որ հատորը կը մէկտեղէ մեր եկեղեցւոյ խորհուրդները, յատուկ առիթներով կատարուող արարողութիւնները իբրեւ առձեռն Մաշտոց կը տրամադրուի մեր հոգեւորականներուն։ Մեկնելով 1997-ի հրատարակութենէն, կատարուած է հիմնական վերախմբագրում, կատարուած են որոշ յաւելումներ ու վերամշակուած այս ձեւին մէջ գործածութեան կը դրուի մեր Թեմին մէջ։
«Ծիսարան»ը տրամադրելի է նաեւ հաւատացեալ ընթերցողներուն։ Լոյս տեսած է ի յիշատակ Անահիտ Պարթումեանի, որ եղած է «սիրուած կին, մայր, մեծ մայր, քոյր եւ հարազատ»։