Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2019-ն պատմական օր եղաւ հայ ժողովուրդին համար. Ա.Մ. Նահանգներու Ծերակոյտը առաջին անգամ ըլլալով եւ միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը։ Հոկտեմբեր ամսուն, Ա.Մ.Ն. Ներկայացուցիչներու Տունը որդեգրած էր նոյնատիպ բանաձեւ մը, որ պաշտօնապէս կը մերժէր Հայերու, Յոյներու, Ասորիներու, Քաղդէացիներու, Արամէացիներու, Մարոնիներու եւ այլ Քրիստոնեաններու դէմ թուրք պետութեան իրագործած եւ ապա ժխտած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ կը խրախուսէր հանրութեան մօտ Հայոց Ցեղասպանութեան ըմբռնումն ու տարածումը՝ ժամանակակից վայրագութիւնները կանխելու համար։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, երախտագիտական զգացումներով կ’ողջունեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին այս արդար քայլը, որ նաեւ մարդկային իրաւանց նոր յաղթանակ մըն է, եւ կը գնահատեն Հայ Դատի յանձնախումբը, բոլոր մարմիններն ու կամաւորները, որոնց տասնամեակներու վրայ երկարող անդադրում ջանքերուն արգասիքն է այս իրագործումը, յուսալով, որ Սպիտակ Տունը եւս պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։