Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Արտակարգ Ժողով

– 2023 ԳԱՐՆԱՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱ
– ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ
– ԱՄԲՈՂՋԱՆՈՒԷՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆՑ
– ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ
– «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»
– ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նախագահեց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 50-րդ նստաշրջանի Արտակարգ ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Աւետիսեան սրահին մէջ, մասնակցութեամբ հոգեւոր եւ աշխարհիկ Ազգային երեսփոխաններու, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի եւ շրջաններու հոգաբարձական կազմերու ատենապետներու, որոնք ժողովի աւարտին ընտրեցին 15 պատգամաւորներ եւ 3 փոխանդամներ, առ ի մասնակցութիւն՝ յառաջիկայ Դեկտեմբեր 7-էն 9, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուելիք Ազգ. Ընդհանուր ժողովին:

Ժողովի Ա. նիստը սկիզբ առաւ Թեմի Հոգեւորականաց դասուն բացման աղօթքով, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ապա Ժողովը հեզասահօրէն ընտրեց Դիւան՝ Տեարք Հրայր Պալեան եւ Կարօ Մոմճեան ատենապետ, Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Տիար Ատրուշան Արմէնեան ատենադպիր, աչալրջութեամբ հետեւեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր համապարփակ եւ ոգեշնչող պատգամին, որուն աւարտին ժողովականները յոտնկայս ծափողջոյններով բարձր գնահատեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ցարդ կատարած օրհնաբեր ծառայութիւնը, հայանպաստ աշխատանքն ու յառաջիկայի համար նախատեսած ողջմիտ ծրագիրները: Առ այս, Ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց խնդրամատոյց ըլլալ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի առաջնորդական բազմամակարդակ եւ բարեբեր ծառայութիւնները գնահատելու, անոր շնորհելով Արքութեան պատիւ եւ տիտղոս:

Նիստի աւարտին վաւերացուեցաւ Ժողովի օրակարգը, ընտրուեցան քուէախոյզ յանձնախումբի անդամները, ապա Առաջնորդ Սրբազանի պատգամէն բխած հայրենանուէր ու ազգային հիմնարար խորհրդածութեանց լոյսին տակ, ժողովականները կատարեցին առաջարկներ եւ թելադրանքներ՝ կայացնելով հետեւեալ որոշումները.-

Ա. Ամբողջանուէր պատրաստակամութեամբ շարունակել Արեւմտեան Թեմի նիւթաբարոյական անմնացորդ զօրակցութիւնը Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռին եւ անոր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ժողովրդանուէր ու ազգային ծրագիրներու յաջողութեանց ի խնդիր:

Բ. Վերանորոգ շեշտով ու աշխոյժ թափով շարունակել Արեւմտեան Թեմի նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ հաստատուած՝ «Նահատակի ընտանիքին» հիմնադրամի ճամբով, ուղղուած Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան:

Գ. Ժողովի անունով շնորհակալական նամակ յղել Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ՝ Տիկին Նենսի Փելոսիի, իր Հայաստան այցելութեան եւ հայութեան ի նպաստ ցուցաբերած կեցուածքին համար:

Դ. Ժողովի անունով շնորհակալական նամակ յղել Գալիֆորնիոյ նահանգապետ Տիար Կեւըն Նիւսըմի՝ 24 Ապրիլը նահանգի բոլոր համալսարաններու եւ պետական վարժարաններու մէջ ոչ-դպրոցական, այլ ցեղասպանութիւններու ոգեկոչման օր հռչակելուն համար:

Ե. Որդեգրել Առաջնորդ Սրբազանի հայերէնանպաստ առաջարկը՝ Արեւմտեան Թեմի նախաձեռնութեամբ ստեղծելու «Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան հիմնադրամ», Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեան տակ:

Հաւաքական լուսանկարի եւ ճաշի դադարէն ետք, Բ. նիստը բացուեցաւ՝ յոտնկայս լռութեամբ եւ աղօթքով յարգելով յիշատակը հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հայ զինուորներու, կամաւորներու եւ թշմանի յարձակումներու զոհ գացած անմեղ հայ քաղաքացիներու, ապա Ժողովը լուծեց ընտրական օրակարգը, որուն աւարտին Դիւանը շնորհաւորեց նորընտիր 15 պատգամաւորները եւ 3 փոխանդամները: Փակման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որուն առաջնորդութեամբ ներկաները երգեցին «Կիլիկիա», «Մեր հայրենիք» եւ «Ի Վեհ բարձանց» քայլերգ-մաղթերգերը:

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2022 տարին հռչակելով «Սփիւռքի Տարի», սփիւռքեան բոլոր հատուածները՝ եկեղեցական եւ աշխարհիկ ղեկավարութիւն եւ մեզ բոլորս, կ՛առաջնորդէ՝ ոչ թէ լոկ քով-քովի գալու, որ շատո՜նց պէտք է եկած ըլլայինք, ոչ թէ լոկ մտածելու, որ երէկ մտածած պէտք է ըլլայինք, այլ՝ գործելու այնպիսի հեռանկարով մը, որով կարենանք մենք մեզ վերարժեւորել, տեսնելու համար, թէ արդեօք ճիշդ ուղղութեան վրա՞յ ենք` որպէս եկեղեցական, ազգային, մշակութային, մարդասիրական եւ այլ տեսակի առաքելութիւն ծաւալող կառոյց-կառոյցներ»:

«Թեմի Առաջնորդ մեր ընտրութենէն ի վեր, ինչպէս գիտէք, զանազան հարցեր՝ մե՜ծ, մե՜ծ, մե՜ծ, միջակ կամ փոքր, միշտ մրցոյթի մէջ եղան իրարու հետ, սակայն հազա՜ր, հազա՜ր անգամ «փառք Աստուծոյ» կ՛ըսենք, որ Երկինքը Իր օրհնանքին ներքեւ պահեց մեզ՝ որպէս Առաջնորդ, մեր Թեմը՝ ընդհանրապէս, Ազգ. վարչութիւն եւ Կրօնական ժողով, մեզի լծակից եւ գործակից՝ մեր Հոգեւորականաց դասը, մեր Ազգ. երեսփոխանները՝ Ձեզ եւ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակներուն մշտարթուն աղօթքը, անբեկանելի յարգանքն ու տարածելի սէ՜րը»:

«Տեղին է յիշել, որ անցնող տարուան ընթացքին, տակաւին Հայաստանի եւ Արցախի համար աշխատիլը մեզի համար դարձաւ առաջնակարգ խնդիր, որուն կողքին՝ Լիբանանի Հայոց Թեմին օժանդակելը, լիբանանահայութեան օգնութեան ձեռք երկարելը, Սուրիոյ հայկական վարժարաններուն կարիքներուն հասնիլը եւ մեր Թեմի Ազգ. վարժարաններուն համար աշխատիլը՝ մեզի համար դարձան անդադրում աղօթքի եւ գործի մթնոլորտ, որուն ընդմէջէն բարեգործական բազմապիսի մտածում ու ապրում ի մի շաղախուեցան մեր բոլորին սրտի տրոփներուն հետ: Մանրամասնելու համար վերջին մէկ տարուան ընթացքին մեր Թեմի իրագործած ծրագիրները՝ յայտնենք, որ առաջին գիծի վրայ կը գտնուին՝
1) Մարդասիրական առաքելութիւն ի Մայր Հայաստան,
2) Պարտաւորեցուցիչ զօրակցութիւն Հայրապետական Աթոռին,
3) Նիւթաբարոյական լայնածիր օժանդակութիւն Լիբանանի Հայոց Թեմին, Ազգ. վարժարաններուն եւ ժողովուրդին,
4) Զօրակցական ժեսթ Հալէպի հայկական վարժարաններուն,
5) Հսկայածաւալ եւ աննախընթաց զօրակցութեան ձեռք բերում՝ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարժարաններուն համար»:

«Ազգային վարժարաններու առաքելութիւնը մեր գործունէութեան ամէնէն աչքառու երեւոյթներէն մէկն է. այս իմաստով, մենք մեր հայրական ուշադրութեան ներքեւ պահեցինք Ազգ. մեր բոլոր վարժարանները»:

«Դպրոցաշինութեան մարզէն ներս, խիստ ողջունելի է մեր դպրոցներուն ընդարձակումը, եւ չենք կրնար չտեսնել եւ չշեշտել Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի կալուածին կրկնապատկումը, չենք կրնար չյայտարարել եւ չհրճուիլ, որ Օրէնճ Քաունթիի մէջ Ազգ. Արի Կիրակոս վարժարանը դէպի միջնակարգ կը բարձրանայ»:

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռը 65 տարիներէ ի վեր անմնացորդ ծառայութիւն կը բերէ Ամերիկայի մեր ժողովրդեան կեանքէն ներս, իսկ անցնող 50 տարիներուն՝ որպէս առանձինն Թեմ, սերմանողի մը պէս աննկուն կանգնած՝ բազմամակարդակ անդաստաններէ ներս առողջ սերմեր կը ցանէ ու կը ցանէ՝ եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ ժողովուրդի կեանքէն ներս, վասն վաղուան ոսկեայ ցորենի արտադրութեան, որ թարգմանի՝ վասն նոր սերունդներու, որպէսզի անոնք հացի պէս ըլլան մաքուր, օրհնառատ ու համեղ եւ բաշխելի՝ բոլորին»:

«Այս առիթով, պաշտօնապէս կ՛ուզենք տեղեակ պահել այս Ժողովը, որ՝ «Սփիւռքի Տարուան» ծրագրին մէջ, այդ մտածման օղակին տակ, Արամ Ա. Կաթողիկոս 2023 տարեշրջանի գարնան հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ»:

«Սիրելի՛ երեսփոխաններ, ջերմագինս կ՛ողջունենք Ձեզ եւ Ձեր ճամբով կ՛ողջունենք Արեւմտեան Ամերիկայի մեր սիրելի զաւակները, որոնց ներկայացուցիչներն էք Դուք: Հաւատքը, յոյսը եւ սէրը թող չպակսին մեր կեանքէն, ունենանք ուժ՝ նայելու իրարու աչքերուն մէջ, զօրութիւն՝ ներողութիւն ըսելու իրարու, պայծառութիւն՝ աւելի պարզ տեսնելու համար մեր եղբօր եւ քրոջ ներքին լոյսն ու հոգւոյ անամպ երկինքը»:

«Եւ, վերջապէս, որպէս մարդ, որպէս հոգեւորական մարդ եւ որպէս առաջնորդ հոգեւորական մարդ՝ կ՛ուզեմ բարձրաձայնել հոս, որ ես սիրեցի մեր ժողովուրդը, ես ծառայեցի մեր ժողովուրդին եւ իմ հասկացողութեամբս ու չափանիշներովս ամբողջական ծառայութիւն բերի մեր ազգին ու եկեղեցիին: Պատահեցաւ սակայն, որ որպէս մարդ ակամայ արձանագրեցի թերութիւններ, որոնց համար ներողութիւն կ՛ըսեմ»:

«Առ այս, եկէ՛ք միասնաբար նայինք ապագային, շարունակելու մեր ծառայութիւնը՝ ազգի, Հայրապետական Աթոռոյ, Արեւմտեան Թեմի գերագոյն շահերէ մղուած եւ վերանորոգ հաւատքով ընթանանք յառաջ՝ մեր հոգիները աւելի՛ հաստատուն եւ աւելի՛ ծաղկուն գալիքի մը վա՜ռ յոյսերով լեցուցած»:

«Միաժամանակ կը գնահատեմ Ձեր բոլորը, Ազգ. Առաջնորդարանի հսկայածաւալ գործունէութեան զօրավիգ կանգնելու Ձեր անսակարկ նուիրուածութեան համար: Եւ հիմա, Ձեզ ունենալով իմ աղօթքներուս մէջ եւ խնդրելով, որ Դուք զիս ունենաք Ձեր աղօթքներուն մէջ, ո՛չ զգացական, այլ գիտակից կերպով կ՛ուզեմ ըսել՝ շնորհակալ եմ Ձեզի, կը սիրեմ Ձեզ, եկէ՛ք աւելի լաւ հասկնանք զիրար, աւելի հարազատութեա՛մբ փարինք միմեանց եւ առանց դոյզն վարանքի կամ կասկածանքի միասի՛ն քալենք մեր ծառայական ճամբէն, եղբայրանալու եւ իրարու օգնելու աստուածային պատուէրին համաձայն»:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022