Աշխարհահռչակ Տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանի Ծննդեան 90-րդ Տարեդարձի Տօնախմբում

Կիրակի, 20 Յունուար 2019-ին, աշխարհահռչակ տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանի 90-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնախմբութիւն մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ, ուր առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ անուանի արուեստագէտին կեանքին մասին վաւերագրական տեսաերիզ մը։

Նոյն առիթով, Երկուշաբթի, 21 Յունուարի երեկոյեան, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Պըրպէնքի «Արպաթ» ճաշասրահին մէջ։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տէր Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ներկայ գտնուեցաւ զոյգ ձեռնարկներուն։ Երկուշաբթի երեկոյեան ճաշկերոյթին, Տէր Հայրը կատարեց բացման աղօթքը եւ Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորութիւններն ու բարի մաղթանքները փոխանցեց մեծարեալ արուեստագէտին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022