“Տարեցներու Տարին” Նշուեցաւ Ոտնլուայի Արարողութեան Ընդմէջէն


Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն համար, Աւագ Շաբթուան Հինգշաբթի օրը իր բազմախորհուրդ արարողութիւններով ամենէն սրտառուչն է, երբ կը յիշենք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոս երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանները։

17 Ապրիլ 2014ին, Աւագ Հինգշաբթի առաւօտեան, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման եւ Վերջին Ընթրիքի յիշակատութեան Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ։ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան աղօթակից եղաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հետ։

Յետմիջօրէին, Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարուեցաւ, Վերջին Ընթրիքին Յիսուսի կողմէ իր աշակերտներուն ոտքերու լուացման օրինակով եւ ի յուշ անոնց եւ բոլորիս տրուած սիրոյ եւ խոնարհութեան մեծագոյն դասին։

Առաջնորդ Սրբազանը Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։

Այս տարուան արարողութիւնը իւրայատուկ էր։ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, “Տարեցներու Տարուան” ի պատիւ, մեր ծխական շրջաններուն նուիրեալ տարեցներու ոտքերու լուացումը կատարուեցաւ։

Այսպէս, Առաջնորդ Սրբազանը 12 տարեցներու ոտքերը լուաց, որոնց մէջ կային Ազգ. Վարչութեան նախկին անդամներ, երեսփոխաններ, հոգաբարձուներ, բարերարներ եւ ծխականներ։ Տարեցներու լուացումէն ետք, ան լուաց նաեւ Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտներու եւ մանուկներու ոտքերը։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Յիսուսի փոխանցած սիրոյ եւ խոնարհութեան մեծագոյն դասը, յիշեցնելով որ մերօրեայ կեանքին եւ ծառայութեան մէջ որքան կարօտ ենք սիրոյ եւ խոնարհութեան ոգիով տոգորուելու։ Գնահատելով մեր տարեցները, Առաջնորդ Սրբազանը անոնց յիշեցուց որ տիպար տարեցներու սիրոյ եւ խոնարհութեան օրինակը լաւագոյն գրաւականն է մեր նոր սերունդի առողջ առաջնորդութեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022