Երիտասարդական Խորհրդաժողով Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

16 եւ 17 Փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ երիտասարդական խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցեցան սփիւռքի զանազան երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ։ Խորհրդաժողովը ընթացաւ հինգ նիստերով։ Արծարծուեցան երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական խնդիրներ ու զանոնք դիմագրաւելու գործնական միջոցներ։

Յանուն Արեւմտեան մեր Թեմին՝ ժողովին մասնակցեցաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։

Բացման նիստին իր պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց Հիւսիսային Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ Հայաստանէն Անթիլիաս ժամանած երիտասարդներուն, ընդգծելով բոլոր բնագաւառներուն մէջ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին գործօն ներկայութիւնն ու գործնական ձեռնարկութիւնները, նշեց, որ այս հաւաքին նպատակն է գործնական քայլեր որդեգրել, որպէսզի երիտասարդները հաւաքական կեանքին մէջ ներգրաւուին ու նկատի առնուին անոնց առաջարկները։ «Երբ շուրջս կը նայիմ, կը տեսնեմ երիտասարդներ, սակայն ոչ մայր էջին վրայ։ Անոնք երբեմն հեռացած են, իսկ երբեմն ալ անտեսուած են մեր շրջանակներէն, ու այս պատճառով ալ յաճախ դժուարութիւն կը գտնեն դրսեւորելու իրենց ինքնութիւնը», ըսաւ Վեհափառը, ընդգծելով, որ անոնք պէտք է ըլլան նախաձեռնողի եւ ոչ թէ պարզապէս հակազդեցողի դիրքի վրայ։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ լայն տեղ տուաւ առցանց աշխարհին եւ անոր հետեւանքներուն, նշելով, որ առցանց աշխարհին մէջ ստեղծուած յարաբերութիւններէն յառաջացած համացանցային ընկերութիւնը ունի իր արժէքներու համակարգը, սակայն հարկ է մտածել թէ հայ երիտասարդը հայկական ի՛նչ ինքնութիւն կը դրսեւորէ, ի՛նչ տեսլական ու նպատակ կը հետապնդէ, որպէսզի աւելի կազմակերպուած ըլլայ ու կարենայ թէ՛ օգտուիլ անկէ եւ թէ ալ օգնել հայութեան։ Այս իմաստով ան լուսարձակի տակ առաւ պատասխանատու կեցուածք ունեցող ու պարտաւորութիւններ ստանձնող երիտասարդ մարդուժի անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի չկլանուի համացանցի ժխտական ազդեցութիւններէն։

Նիստի աւարտին, երիտասարդները փոխանակեցին իրենց մտքերն ու մտահոգութիւնները։ Խորհրդաժողովը քննեց հայ երիտասարդները առցանց հարթակի մը վրայ խմբելու կարելիութիւններն ու հաւանական լուծումներ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022