Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր 2019-ին, Թահանկայի «The Great Caesar» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի ու հոգաբարձութեան։
Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ Տիար Աւօ Քէշիշեան եւ Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։
Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Հոգաբարձութեան անդամ Տիկին Մարալ Շիրանեանի, որմէ ետք հոգեւոր հայրերը կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը։ Յանուն Հոգաբարձութեան, բարի գալուստի խօսք արտասանեց ատենապետ Տիար Յակոբ Ետալեան։ Ան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ վերջին շրջանին կատարուած աշխատանքներուն։
Առաջնորդ Սրբազանը իր շնորհաւորական խօսքին մէջ գնահատեց Հոգեւոր Հովիւը, երեսփոխանները, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութեան եւ ծխական ընտանիքի բոլոր անդամները՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար, որ հիմնուած է եկեղեցւոյ ընդմէջէն Քրիստոսի խօսքը տարածելու, քրիստոնէութիւնը ուսուցանելու եւ զԱստուած սիրելու պատգամներուն վրայ։ Սաղմոս 37.3-4 համարներուն հետեւողութեամբ ան ընդգծեց, որ ծխական համայնքը այս ճանապարհը հարթած է իր հաւատքի շնորհիւ՝ Տիրոջ վստահելով եւ բարութիւն սերմանելով։ Նկատի առնելով, որ յաջորդ տարի ծխական համայնքը կը պատրաստուի իր 35-ամեակը նշելու, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց շարունակելու հաւաքական ծառայութիւնը եւ անսալու Տիրոջ խօսքին, որ կ’ըսէ. «Միակ ուրախութիւնդ Տէ՛րը թող ըլլայ, եւ ինք սրտիդ բոլոր բաղձանքները պիտի տայ» (Սղ. 37.4)։
Նշենք, որ Ս. Սարգիս եկեղեցին 3 Հոկտեմբեր 2020-ին պիտի տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 35-ամեակն ու օծման 15-ամեակը։