Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2017-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող Մարմինին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ Մշակոյթի Ամսուան նուիրուած՝ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու ուսուցչական կազմերու միօրեայ սեմինարը։ Հոգեւորականաց դասու անդամներու կողքին, ներկայ էին Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աւելի քան 25 տեսուչներ եւ ուսուցիչներ։
Հաւաքը սկիզբ առաւ Գիշերային ժամերգութեամբ, որուն ընթացքին երգուեցաւ Թարգմանիչ Սուրբերուն նուիրուած «Որք Զարդարեցին» շարականը։ Ժամերգութեան աւարտին, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի տեսուչ եւ Վերահսկող մարմինի համա-ատենապետ Տիար Րաֆֆի Թորոսեան կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն մը։
Կիրակնօրեայի քայլերգի երգեցողութեամբ՝ սեմինարին բացումը կատարուեցաւ։ Բացման եւ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի տեսուչ եւ Վերահսկող մարմինի համա-ատենապետ Տիար Յակոբ Ջաղացպանեան։
Առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, նիւթ ունենալով՝ «Թարգմանչաց տօնը եւ կիրակնօրեայ դպրոցները»։ Ան զուգահեռներ կատարեց Թարգմանչաց վարդապետներու եկեղեցանուէր ու ազգանուէր առաքելութեան եւ կիրակնօրեայի ուսուցիչներու կոչումին միջեւ եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց կիրակնօրեայի ուսուցիչներու պարտականութիւնները։ Հայր Սուրբը կանգ առաւ գլխաւոր երկու կէտերու վրայ. առաջին՝ Աստուծոյ խօսքը նախապատիւ համարել կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ, երկրորդ՝ Աստուծոյ խօսքը մատուցել պատանիին հասանելի եւ ըմբռնելի ձեւով։
Երկրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Տիար Քրիստափոր Միքայէլեան, նիւթ ունենալով «Թարգմանչաց տօնին խորհուրդը»։ Ան անդրադարձաւ Թարգմանչաց Վարդապետներուն կտակած աւանդին՝ հայ ազգի եկեղեցական, մշակութային եւ քաղաքական մտքի ձեւաւորման մէջ։
Ապա, Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան ներկայացուց կիրակնօրեայ դպրոցի դասագիրքերն ու կանգ առաւ կրօնադաստիարակչական գործը այժմէական նիւթերով յառաջ տանելու կարեւորութեան վրայ։
Փակման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան առաջին հերթին գնահատեց Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող Մարմինի անդամներն ու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, իրենց բազմերախտ աշխատանքներուն եւ նուիրումին համար։ Խօսելով ժամանակի պահանջներուն հաղորդ ըլլալու հրամայականին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց վերանորոգումի հրաւէրին ընդառաջելու կարեւորութիւնը։ «Ինչպէս որ արարչութեան բոլոր տարրերը զարգացման բնական հոլովոյթի մէջ են, այնպէս ալ մարդկային կեանքը իր բոլոր մարզերով՝ ներքնապէս թէ արտաքնապէս, կարիքը ունին վերանորոգման, յառաջդիմութեան եւ այժմէականացման», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը, յորդորելով ներկաները, որպէսզի նոր աւիւնով եւ վերանորոգ հոգիով, հաւատքով, նուիրումով, սերտ գործակցութեամբ ու ծառայութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Խօսելով Թարգմանչաց սերունդի մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ պէտք չէ միայն հպարտանալ նախնեաց աւանդով, այլ պէտք է իւրացնել զանոնք եւ բաժնեկից դարձնել նոր սերունդին։
Համագումարը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։ Ապա, իւրաքանչիւր ուսուցիչի նուիրուեցաւ «Հաւատով Խոստովանիմ»ի եւ «Պրիսմակ»ի օրինակներ։